Ատրպէյճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած նոյն յենակէտերու մէջ. դիրքային որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած

Մարտ 29-30-ի լոյս գիշերը` մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00, Արցախի առաջնագծիի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած` մնալով լարուած: Ատրպէյճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած նոյն յենակէտերու մէջ, եւ դիրքային որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած:  Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ եւ դիւանագիտական տարբեր միջոցներով կը շարունակեն հետեւողական աշխատանքները` ուղղուած ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքեր վերադարձնելուն եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման: Արցախի զինուած ուժերը զուգահեռաբար կ’իրականացնեն իրենց գործառոյթները` շարունակաբար բարելաւելով Հանրապետութեան պաշտպանական ամրութիւններն ու մեխանիզմները: Իրավիճակի զարգացումներուն վերաբերեալ լրացուցիչ հրապարակումներով հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի:
31 Մարտի 2022
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած նոյն յենակէտերու մէջ. դիրքային որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած

Մարտ 29-30-ի լոյս գիշերը` մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00, Արցախի առաջնագծիի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած` մնալով լարուած:

Ատրպէյճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած նոյն յենակէտերու մէջ, եւ դիրքային որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած: 

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ եւ դիւանագիտական տարբեր միջոցներով կը շարունակեն հետեւողական աշխատանքները` ուղղուած ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքեր վերադարձնելուն եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման: Արցախի զինուած ուժերը զուգահեռաբար կ’իրականացնեն իրենց գործառոյթները` շարունակաբար բարելաւելով Հանրապետութեան պաշտպանական ամրութիւններն ու մեխանիզմները:

Իրավիճակի զարգացումներուն վերաբերեալ լրացուցիչ հրապարակումներով հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի:

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը

ՊՆ-էն ներս քննարկուած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջանին առաջարկուած առաջնահերթութիւններու իրականացման ընթացքը
Յաջորդ նիւթը

ՊՆ-էն ներս քննարկուած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջանին առաջարկուած առաջնահերթութիւններու իրականացման ընթացքը

ԱնցնիլՎեր