Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը` այն գնահատելով խիստ լարուած: Իրադրութեան վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանական Հանրապետութիւնը, փորձելով գտնել մտացածին հիմնաւորումներ, հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ նոր սադրանքներ եւ յարձակում սկսելու համար, այդ շարքին` Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեղադրելով խաղաղութեան պայմանագրի հարցով ապակառուցողական գործողութիւններու մէջ: Անվտանգութեան խորհուրդը ստեղծուած իրավիճակին մէջ հարկ կը համարէ եւս մէկ անգամ վերահաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի վաղ հնչեցուցած դիրքորոշումը եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան կ’առաջարկէ անյապաղ բանակցութիւններ սկսիլ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ: Անվտանգութեան Խորհուրդը, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ռազմական բախումներու հնարաւորութեան վրայ, անհրաժեշտ կը համարէ միջազգային
30 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը` այն գնահատելով խիստ լարուած:

Իրադրութեան վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանական Հանրապետութիւնը, փորձելով գտնել մտացածին հիմնաւորումներ, հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ նոր սադրանքներ եւ յարձակում սկսելու համար, այդ շարքին` Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեղադրելով խաղաղութեան պայմանագրի հարցով ապակառուցողական գործողութիւններու մէջ:

Անվտանգութեան խորհուրդը ստեղծուած իրավիճակին մէջ հարկ կը համարէ եւս մէկ անգամ վերահաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի վաղ հնչեցուցած դիրքորոշումը եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան կ’առաջարկէ անյապաղ բանակցութիւններ սկսիլ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ:

Անվտանգութեան Խորհուրդը, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ռազմական բախումներու հնարաւորութեան վրայ, անհրաժեշտ կը համարէ միջազգային զսպման մեխանիզմներու գործարկումը` տարածաշրջանին մէջ նոր ռազմական մագլցում եւ ցեղային զտում թոյլ չտալու համար:

Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած
Նախորդ նիւթը

Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած

Ատրպէյճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած նոյն յենակէտերու մէջ. դիրքային որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած նոյն յենակէտերու մէջ. դիրքային որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած

ԱնցնիլՎեր