Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած

Մարտ 28-29-ի լոյս գիշերը՝ մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00, Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է լարուած՝ մարման որոշակի դրական միտմամբ: Ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլխի՝ Փառուխին յարակից հատուածին մէջ ամրացուած նոյն յենակէտերուն մէջ: Արցախի տեղեկատուական շտաբէն կը յայտնեն, որ Արցախի զինուած ուժերը կը շարունակեն պաշտպանական դիրքերու ամրացման ու թշնամիի զսպման լրացուցիչ միջոցառումներու կատարումը: Շարունակական աշխատանքներ կը տարուին ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ՝ նպատակաուղղուած ատրպէյճանական հնարաւոր սադրանքներու կանխման եւ ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքեր վերադարձնելուն: Արցախի պատկան մարմինները բոլոր հնարաւոր մեխանիզմներով կը հետեւին իրադրութեան ու ատրպէյանական կողմի գործողութիւններուն, եւ, ըստ կարիքի, լրացուցիչ հրապարակումներով
30 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած

Մարտ 28-29-ի լոյս գիշերը՝ մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00, Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է լարուած՝ մարման որոշակի դրական միտմամբ:

Ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլխի՝ Փառուխին յարակից հատուածին մէջ ամրացուած նոյն յենակէտերուն մէջ:

Արցախի տեղեկատուական շտաբէն կը յայտնեն, որ Արցախի զինուած ուժերը կը շարունակեն պաշտպանական դիրքերու ամրացման ու թշնամիի զսպման լրացուցիչ միջոցառումներու կատարումը:

Շարունակական աշխատանքներ կը տարուին ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ՝ նպատակաուղղուած ատրպէյճանական հնարաւոր սադրանքներու կանխման եւ ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքեր վերադարձնելուն:

Արցախի պատկան մարմինները բոլոր հնարաւոր մեխանիզմներով կը հետեւին իրադրութեան ու ատրպէյանական կողմի գործողութիւններուն, եւ, ըստ կարիքի, լրացուցիչ հրապարակումներով պիտի տեղեկացնեն իրավիճակի զարգացումներուն վերաբերեալ:

 

ՌԴ-ն լրացուցիչ ուժեր կեդրոնացուցած է Արցախի մէջ` ատրպէյճանական զօրքերու յառաջխաղացումը արգելափակելու համար
Նախորդ նիւթը

ՌԴ-ն լրացուցիչ ուժեր կեդրոնացուցած է Արցախի մէջ` ատրպէյճանական զօրքերու յառաջխաղացումը արգելափակելու համար

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը

ԱնցնիլՎեր