ՌԴ-ն լրացուցիչ ուժեր կեդրոնացուցած է Արցախի մէջ` ատրպէյճանական զօրքերու յառաջխաղացումը արգելափակելու համար

«Ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը որոշած է խաղաղապահներու պահեստներէն յաւելեալ ուժեր յառաջ քաշել` ատրպէյճանական զօրքերու հետագայ յառաջխաղացումը արգելափակելու համար», յայտարարութիւնը հրապարակուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաքելութիւն իրականացնող ռուս խաղաղապահներու պաշտօնական թելեկրամեան ալիքով: Յայտարարութեան կից հրապարակուած են լուսանկարներ, ուր կ’երեւին տասնեակ խաղաղապահներ` հրասայլերու վրայ, ծառայութիւն իրականացնելով: Խաղաղապահ առաքելութիւնը կը յիշեցնէ, որ Մարտ 24-ին ատրպէյճանական զինուժը հատած է շփման գիծը` Փարուխ բնակավայրի աւերակներու տարածքին մէջ, որով խախտած է եռակողմ յայտարարութեան առաջին կէտը: «Ներկայիս բնակավայրը կը գտնուի ռուս խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ: Ուր մենք ենք, այնտեղ խաղաղութիւն է», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
30 Մարտի 2022
2 ր. ընթերցում
ՌԴ-ն լրացուցիչ ուժեր կեդրոնացուցած է Արցախի մէջ` ատրպէյճանական զօրքերու յառաջխաղացումը արգելափակելու համար

«Ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը որոշած է խաղաղապահներու պահեստներէն յաւելեալ ուժեր յառաջ քաշել` ատրպէյճանական զօրքերու հետագայ յառաջխաղացումը արգելափակելու համար», յայտարարութիւնը հրապարակուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաքելութիւն իրականացնող ռուս խաղաղապահներու պաշտօնական թելեկրամեան ալիքով:

Յայտարարութեան կից հրապարակուած են լուսանկարներ, ուր կ’երեւին տասնեակ խաղաղապահներ` հրասայլերու վրայ, ծառայութիւն իրականացնելով:

Խաղաղապահ առաքելութիւնը կը յիշեցնէ, որ Մարտ 24-ին ատրպէյճանական զինուժը հատած է շփման գիծը` Փարուխ բնակավայրի աւերակներու տարածքին մէջ, որով խախտած է եռակողմ յայտարարութեան առաջին կէտը:

«Ներկայիս բնակավայրը կը գտնուի ռուս խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ: Ուր մենք ենք, այնտեղ խաղաղութիւն է», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ալեն Սիմոնեանի պատասխանն Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսի նախագահին արժանացած է բուռն ծափահարութիւններու
Նախորդ նիւթը

Ալեն Սիմոնեանի պատասխանն Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսի նախագահին արժանացած է բուռն ծափահարութիւններու

Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած
Յաջորդ նիւթը

Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած

ԱնցնիլՎեր