Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները Ստեփանակերտի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն. ԱՀ ԱԱԾ

Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն: Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հետամուտ ըլլալով տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտին մէջ օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, կ’իրազեկէ, որ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները օգտագործելով Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու դիմատետրեան էջեր Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն՝ նպատակ ունենալով խուճապ տարածել բնակչութեան մէջ։ «Կոչ ենք անում չտրուել կեղծ լուրերի եւ պահպանել հանգստութիւն: Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը լիովին վերահսկում է իրավիճակը հանրապետութեան տարածքում: Կասկածելի բովանդակութեամբ տեղեկութիւններ ստանալու դէպքում դիմէք Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական կայքէջին կամ զանգահարէք թէժ
25 Հունվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները Ստեփանակերտի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն. ԱՀ ԱԱԾ

Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն:

Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հետամուտ ըլլալով տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտին մէջ օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, կ’իրազեկէ, որ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները օգտագործելով Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու դիմատետրեան էջեր Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն՝ նպատակ ունենալով խուճապ տարածել բնակչութեան մէջ։

«Կոչ ենք անում չտրուել կեղծ լուրերի եւ պահպանել հանգստութիւն: Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը լիովին վերահսկում է իրավիճակը հանրապետութեան տարածքում:

Կասկածելի բովանդակութեամբ տեղեկութիւններ ստանալու դէպքում դիմէք Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական կայքէջին կամ զանգահարէք թէժ գծի հեռախօսահամարներին՝ 047-94-41-26 եւ 41-26»,-գրուած է Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Պատիւ Արժանաւորին. Ընկ. Վարդան Ուզունեան՝ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի Պատուաւոր ցմահ նախագահ
Նախորդ նիւթը

Պատիւ Արժանաւորին. Ընկ. Վարդան Ուզունեան՝ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի Պատուաւոր ցմահ նախագահ

Հայաստան ՄԱԿ-ի դատարանի մէջ Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Ցեղային խտրականութեան համար
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան ՄԱԿ-ի դատարանի մէջ Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Ցեղային խտրականութեան համար

ԱնցնիլՎեր