Հայաստան ՄԱԿ-ի դատարանի մէջ Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Ցեղային խտրականութեան համար

Հայաստանը 23 յունուարին Ատրպէյճանի դէմ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուցած է Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագիրի մեկնաբանման եւ կիրարկման գործով յուշագիր: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին գրած է միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը, նշելով, որ շուրջ մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքէ ետք պատրաստուած փաստաթուղթը մանրամասն կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի կողմէ այդ հռչակագիրի` տասնամեակներ շարունակուող կոպիտ խախտումները: Պաշտօնատարը այլ մանրամասնութիւններ չէ նշած: Այդ պահանջները ընդհանուր առմամբ կը վերաբերին Ատրպէյճանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ էթնիկ հայերու եւ հայկականութեան նկատմամբ տարուող ատելութեան եւ խտրական վերաբերմունքի հետեւանքով առաջացած խախտումներու արձանագրման եւ պատճառուած վնասի հատուցման: Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ 2021 թուականի 16 սեպտեմբերին Հայաստանը
25 Հունվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Հայաստան ՄԱԿ-ի դատարանի մէջ Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Ցեղային խտրականութեան համար

Հայաստանը 23 յունուարին Ատրպէյճանի դէմ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուցած է Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագիրի մեկնաբանման եւ կիրարկման գործով յուշագիր:

Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին գրած է միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը, նշելով, որ շուրջ մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքէ ետք պատրաստուած փաստաթուղթը մանրամասն կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի կողմէ այդ հռչակագիրի` տասնամեակներ շարունակուող կոպիտ խախտումները: Պաշտօնատարը այլ մանրամասնութիւններ չէ նշած:

Այդ պահանջները ընդհանուր առմամբ կը վերաբերին Ատրպէյճանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ էթնիկ հայերու եւ հայկականութեան նկատմամբ տարուող ատելութեան եւ խտրական վերաբերմունքի հետեւանքով առաջացած խախտումներու արձանագրման եւ պատճառուած վնասի հատուցման:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ 2021 թուականի 16 սեպտեմբերին Հայաստանը ներկայացուցած էր գանգատ ընդդէմ Ատրպէյճանի՝ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային յուշագրի խախտման հիմքով: Դատարանը սահմանած էր ժամկէտ ամբողջական գանգատի եւ ապացոյցներու ներկայացման համար մինչեւ 2023 թուականի 23 յունուարը:

Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները Ստեփանակերտի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն. ԱՀ ԱԱԾ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները Ստեփանակերտի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն. ԱՀ ԱԱԾ

Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով «Հայաստան» հիմնադրամի 100 թոն պարէնամթերքը հնարաւոր չէ հասցնել Արցախ
Յաջորդ նիւթը

Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով «Հայաստան» հիմնադրամի 100 թոն պարէնամթերքը հնարաւոր չէ հասցնել Արցախ

ԱնցնիլՎեր