Ատրպէյճանական ներթափանցող խումբը ծուղակը ձգած է շտապօգնութեան մեքենան եւ սպաննած բժիշկը

Բժիշկ Սաշա Ռուստամեանի բուժանձնակազմը առաջնագիծէն վիրաւոր զինուոր տեղափոխելու ճանապարհին, հանդիպելով հայկական զինուորական համազգեստով խումբի, կանգ առած է՝ օգնութիւն ցոյց տալու նպատակով, սակայն յայտնուած է ատրպէյճանա-թրքա-ահաբեկչական ներթափանցող խումբի կրակահերթի տակ եւ զոհուած: Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանէն կը յայտնեն, որ ռազմական բժիշկները պատերազմի առաջին օրէն ռազմաճակատ են՝ կը ծառայեն կրկնակի երդման ներքոյ՝ զինուորական եւ Հիփոքրաթի: Ստանալով բժիշկի մասնագիտութիւն եւ կրելով զինուորական համազգեստ՝ Սաշա Ռուստամեանն այն նուիրեալներէն է, որ զոհուեցաւ մասնագիտական պարտքը կատարելու ժամանակ: «Սաշա Ռուստամեանի առաքելութիւնը անաւարտ չի մնար. հակառակ ստացած բազմաթիւ վնասուածքներու՝ վիրաւոր զինուորի ու շտապօգնութեան մեքենայի վարորդի կեանքը հնրաաւոր եղած է փրկել»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
5 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանական ներթափանցող խումբը ծուղակը ձգած է շտապօգնութեան մեքենան եւ սպաննած բժիշկը

Բժիշկ Սաշա Ռուստամեանի բուժանձնակազմը առաջնագիծէն վիրաւոր զինուոր տեղափոխելու ճանապարհին, հանդիպելով հայկական զինուորական համազգեստով խումբի, կանգ առած է՝ օգնութիւն ցոյց տալու նպատակով, սակայն յայտնուած է ատրպէյճանա-թրքա-ահաբեկչական ներթափանցող խումբի կրակահերթի տակ եւ զոհուած:

Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանէն կը յայտնեն, որ ռազմական բժիշկները պատերազմի առաջին օրէն ռազմաճակատ են՝ կը ծառայեն կրկնակի երդման ներքոյ՝ զինուորական եւ Հիփոքրաթի: Ստանալով բժիշկի մասնագիտութիւն եւ կրելով զինուորական համազգեստ՝ Սաշա Ռուստամեանն այն նուիրեալներէն է, որ զոհուեցաւ մասնագիտական պարտքը կատարելու ժամանակ:

«Սաշա Ռուստամեանի առաքելութիւնը անաւարտ չի մնար. հակառակ ստացած բազմաթիւ վնասուածքներու՝ վիրաւոր զինուորի ու շտապօգնութեան մեքենայի վարորդի կեանքը հնրաաւոր եղած է փրկել»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գանատայի Լաւալ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը
Նախորդ նիւթը

Գանատայի Լաւալ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

Կը հրետակոծուին Բերձոր եւ Շուշի քաղաքները` յարակից բնակավայրերով․ ԱՀ ԱԻՊԾ
Յաջորդ նիւթը

Կը հրետակոծուին Բերձոր եւ Շուշի քաղաքները` յարակից բնակավայրերով․ ԱՀ ԱԻՊԾ

ԱնցնիլՎեր