Ատրպէյճանական ուժերը շարունակած են տեղաշարժը Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով

Արցախի կառավարութեան հաղորդմամբ` ատրպէյճանական զինուած ուժերը  շարունակած են տեղաշարժն ու ակրեսիւ գործողութիւնները Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով: Քանիցս տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ատրպէյճանական ներթափանցման բնոյթի գործողութիւնները կասեցուած են: «Մարտավարական իրադրութիւնը շփման գծի տուեալ հատուածում շարունակում է լարուած մնալ, աշխատանքներ են տարւում ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ: Շփման գծի միւս հատուածներում իրավիճակը հանգիստ է», կը փոխանցեն Արցախէն: Խրամորթի մէջ Պաշտպանութեան բանակի զինուորները պատրաստ են դիմակայելու Ատրպէյճանի հնարաւոր սադրանքներուն, տեղի բնակիչները եւս ինքնապաշտպանական ջոկատ ստեղծած․ այս մասին հաղորդած է civilnet.am-ը: Նշուած էր, որ ատրպէյճանցիները Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ յառաջ շարժած են եւ իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած են որոշ
29 Մարտի 2022
8 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանական ուժերը շարունակած են տեղաշարժը Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով

Արցախի կառավարութեան հաղորդմամբ` ատրպէյճանական զինուած ուժերը  շարունակած են տեղաշարժն ու ակրեսիւ գործողութիւնները Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով: Քանիցս տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ատրպէյճանական ներթափանցման բնոյթի գործողութիւնները կասեցուած են:

«Մարտավարական իրադրութիւնը շփման գծի տուեալ հատուածում շարունակում է լարուած մնալ, աշխատանքներ են տարւում ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ: Շփման գծի միւս հատուածներում իրավիճակը հանգիստ է», կը փոխանցեն Արցախէն:

Խրամորթի մէջ Պաշտպանութեան բանակի զինուորները պատրաստ են դիմակայելու Ատրպէյճանի հնարաւոր սադրանքներուն, տեղի բնակիչները եւս ինքնապաշտպանական ջոկատ ստեղծած․ այս մասին հաղորդած է civilnet.am-ը:

Նշուած էր, որ ատրպէյճանցիները Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ յառաջ շարժած են եւ իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած են որոշ կէտեր․ «Բարձունք են վերցրել, որը գերակայ դիրք ունի յարակից գիւղերի` Նորագիւղի, Խնաբադի նկատմամբ»:

Իր հերթին Արցախի տեղեկատուական շտաբը հաղորդած է, որ խաղաղապահները իրենց յենակէտերուն վրայ են, բանակցութիւնները կը շարունակուին:

«Տեղեկացնում ենք, որ Ասկերանի շրջանի Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերի ուղղութեամբ շփման գծի պահպանութիւնը եւ այդ համայնքներում ապրող խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը գտնւում է Արցախի Հանրապետութիւնում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութեան տիրոյթում», կը հաղորդէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Աւելի կանուխ եւս հաղորդուած էր, որ Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները Շաբաթ օր առաւօտեան կրկին դիմած են ակրեսիւ գործողութիւններու` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ փորձելով յառաջխաղացում ապահովել արեւելեան սահմանագօտիի ուղղութեամբ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան տակ գտնուող տարածքէն ներս:

«Ձեռնարկւում են քայլեր` խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ իրադրութեան հանգուցալուծման ուղիներ գտնելու ուղղութեամբ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հայկական կողմը հերքած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պնդումը, թէ առաւօտեան պաշտպանութեան բանակը ներթափանցման փորձ կատարած է ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներուն դէմ:

Բնակիչներու անվտանգութեան համար տարհանուած են Փառուխին հարեւան Խրամորթ գիւղի կանայք եւ երեխաները: Աւելի ուշ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը յայտնեց, որ Ասկերանի շրջանի Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերուն ուղղութեամբ ստեղծուած իրավիճակը կը գտնուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան տակ: Այդուհանդերձ, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, 24 մարտի գիշերը հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերուն միջեւ փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է, հայկական կողմէ վիրաւորուած է 5 զինուոր, ատրպէյճանական կողմը 5 զոհ ունի:

Freedom House դատապարտած է Ատրպէյճանի վարմունքը
Նախորդ նիւթը

Freedom House դատապարտած է Ատրպէյճանի վարմունքը

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտած են եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները. ՌԴ ՊՆ՝ ատրպէյճանական կողմի՝ Փառուխ գիւղ ներխուժման մասին
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտած են եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները. ՌԴ ՊՆ՝ ատրպէյճանական կողմի՝ Փառուխ գիւղ ներխուժման մասին

ԱնցնիլՎեր