Freedom House դատապարտած է Ատրպէյճանի վարմունքը

Միջազգային իրաւապաշտպան Freedom House կազմակերպութիւնը դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման խափանումը: Այս մասին կազմակերպութիւնը գրառում կատարած է Թուիթըրի էջով: «Ատրպէյճանը պէտք է կանխէ մարդասիրական ճգնաժամը` վերականգնելով կազի անխափան մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար, որ արդէն շաբաթներ է` կը տառապի սառնամանիքին, առանց ջեռուցման ու տաք ջուրի», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ: Արցախի տարածքին Մարտ 8-էն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տեղանքին մէջ` Շուշիի մօտ տեղի ունեցած կազատարի վթարի հետեւանքով կազի մատակարարումը դադրեցուած էր: Ատրպէյճանական կողմը օրեր շարունակ թոյլ չէր տար մտնել վթարի վայր ու վերանորոգել խողովակը: Կազի բացակայութիւնը բազմաթիւ խնդիրներ ստեղծած էր Արցախի բնակչութեան համար: Մարտ 18-ին հաղորդուեցաւ կազատարի վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին մասին,
29 Մարտի 2022
4 ր. ընթերցում
Freedom House դատապարտած է Ատրպէյճանի վարմունքը

Միջազգային իրաւապաշտպան Freedom House կազմակերպութիւնը դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման խափանումը: Այս մասին կազմակերպութիւնը գրառում կատարած է Թուիթըրի էջով:

«Ատրպէյճանը պէտք է կանխէ մարդասիրական ճգնաժամը` վերականգնելով կազի անխափան մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար, որ արդէն շաբաթներ է` կը տառապի սառնամանիքին, առանց ջեռուցման ու տաք ջուրի», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Արցախի տարածքին Մարտ 8-էն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տեղանքին մէջ` Շուշիի մօտ տեղի ունեցած կազատարի վթարի հետեւանքով կազի մատակարարումը դադրեցուած էր: Ատրպէյճանական կողմը օրեր շարունակ թոյլ չէր տար մտնել վթարի վայր ու վերանորոգել խողովակը: Կազի բացակայութիւնը բազմաթիւ խնդիրներ ստեղծած էր Արցախի բնակչութեան համար: Մարտ 18-ին հաղորդուեցաւ կազատարի վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին մասին, յաջորդ օրուընէ կազամատակարարումը վերականգնուեցաւ: Սակայն աւելի ուշ Արցախի տեղեկատուական շտաբը յայտարարութիւն տարածեց` յայտնելով, որ Արցախի կազամատակարարումը կրկին դադրեցուած է` Ատրպէյճանի ուղիղ միջամտութեան հետեւանքով: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հիմքեր կան ենթադրելու, որ կազատարի վերանորոգման ընթացքին Ատրպէյճանը փական տեղադրած է կազատարին վրայ, որու միջոցով ալ դադրեցուցած է կազամատակարարումը:

Ատրպէյճնը պէտք է հասկցած ըլլար՝ նման կերպ չի կրնար ոչինչ պարտադրել. պատգամաւորը՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճնը պէտք է հասկցած ըլլար՝ նման կերպ չի կրնար ոչինչ պարտադրել. պատգամաւորը՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին

Ատրպէյճանական ուժերը շարունակած են տեղաշարժը Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանական ուժերը շարունակած են տեղաշարժը Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով

ԱնցնիլՎեր