Ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով զոհուած է երեք զինծառայող

ՀՀ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան հինգերորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ, ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին, 2-րդ, 6-րդ, 7-րդ եւ 13-րդ կէտերով, յարուցուած է քրէական գործ՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ արձակուած կրակոցներէն երեք զինուորի սպանութեան դէպքի առթիւ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Քննչական կոմիտէէն: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ 2022-ի Յունուար 11-ին հակառակորդին կողմէ ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած, ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ գտնուող մարտական յենակէտի ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով հրազէնային մահացու վնասուածքներ ստացած են ժամկէտային զինուորներ, շարքայիններ Արթուր Արտիոմի Մխիթարեանը (ծնած` 2002թ.), Վահան Վաչականի Պապայեանը (ծնած` 2003թ.) եւ Ռուտիկ Ռաֆիկի Ղարիպեանը (ծնած` 2002թ.): Կը կատարուի
12 Հունվարի 2022
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով զոհուած է երեք զինծառայող

ՀՀ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան հինգերորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ, ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին, 2-րդ, 6-րդ, 7-րդ եւ 13-րդ կէտերով, յարուցուած է քրէական գործ՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ արձակուած կրակոցներէն երեք զինուորի սպանութեան դէպքի առթիւ:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Քննչական կոմիտէէն:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ 2022-ի Յունուար 11-ին հակառակորդին կողմէ ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած, ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ գտնուող մարտական յենակէտի ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով հրազէնային մահացու վնասուածքներ ստացած են ժամկէտային զինուորներ, շարքայիններ Արթուր Արտիոմի Մխիթարեանը (ծնած` 2002թ.), Վահան Վաչականի Պապայեանը (ծնած` 2003թ.) եւ Ռուտիկ Ռաֆիկի Ղարիպեանը (ծնած` 2002թ.):

Կը կատարուի նախաքննութիւն:

Յիշեցնենք, որ Յունուրի 11-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու սադրանք իրականացուցած են: Երեք զոհերէն բացի եւս երկու զինծառայող վիրաւոր է. իրենց կեանքին վտանգ չի սպառնար: 

Թոքաեւ յայտնած է Ղազախստանէն ՀԱՊԿ խաղաղապահներու դուրսբերման ժամկէտը
Նախորդ նիւթը

Թոքաեւ յայտնած է Ղազախստանէն ՀԱՊԿ խաղաղապահներու դուրսբերման ժամկէտը

Հայ խաղաղապահներու հրամանատարը յայտնած է Ալմա Աթայի մէջ իրենց առաքելութեան հիմնական նպատակը
Յաջորդ նիւթը

Հայ խաղաղապահներու հրամանատարը յայտնած է Ալմա Աթայի մէջ իրենց առաքելութեան հիմնական նպատակը

ԱնցնիլՎեր