Ատրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակման առնչուող քրէական գործերով 11 մեղադրեալ հայ զինծառայող կայ, մեծ մասը կալանաւորուած է

Ատրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակման ժամանակ հայկական զինուած ուժերու գործողութիւններուն առնչուող քրէական գործերով 11 մեղադրեալ կայ։ Այս մասին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը՝ նշելով, որ անոնց մեծ մասը կալանաւորուած են։  Արգիշտի Քեարամեանը տեղեկացուցած է, որ գործերէն 4-ն արդէն ուղարկուած է դատարան։ Մեղադրեաները միջին օղակի սպաներ եւ զինծառայողներ են։ «Ըստ ուղղութիւնների ենք քննութիւնն իրականացնում, բաժանումն ըստ մարզերի է` Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի ուղղութիւններ»,– նշած է Քեարամեան։ Քննչական Կոմիտէի նախագահի խօսքով՝ 17 վարոյթ նախաձեռնուած է, որոնց մեծ մասը հետագային միաւորուած են մէկ վարոյթի մէջ։ Արգիշտի Քեարամեանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ ատրպէյճանական յարձակման առնչուող 22 վարոյթ նախաձեռնուած
5 Հունվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակման առնչուող քրէական գործերով 11 մեղադրեալ հայ զինծառայող կայ, մեծ մասը կալանաւորուած է

Ատրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակման ժամանակ հայկական զինուած ուժերու գործողութիւններուն առնչուող քրէական գործերով 11 մեղադրեալ կայ։ Այս մասին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը՝ նշելով, որ անոնց մեծ մասը կալանաւորուած են։ 

Արգիշտի Քեարամեանը տեղեկացուցած է, որ գործերէն 4-ն արդէն ուղարկուած է դատարան։ Մեղադրեաները միջին օղակի սպաներ եւ զինծառայողներ են։

«Ըստ ուղղութիւնների ենք քննութիւնն իրականացնում, բաժանումն ըստ մարզերի է` Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի ուղղութիւններ»,– նշած է Քեարամեան։

Քննչական Կոմիտէի նախագահի խօսքով՝ 17 վարոյթ նախաձեռնուած է, որոնց մեծ մասը հետագային միաւորուած են մէկ վարոյթի մէջ։

Արգիշտի Քեարամեանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ ատրպէյճանական յարձակման առնչուող 22 վարոյթ նախաձեռնուած է, որոնք հետագային միացուած են մէկ վարոյթի մէջ։ Մեղադրեալներ չկան։

Սեպտեմբերեան ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմէն կայ շուրջ 600 տուժած անձ։

Անյապաղ զբաղիլ Լաչինի միջանցքի հարցով. բրիտանացի գործիչներ միջազգային առաջնորդներուն յիշեցուցած են ցեղասպանութիւնը կանխելու պատասխանատւութեան մասին
Նախորդ նիւթը

Անյապաղ զբաղիլ Լաչինի միջանցքի հարցով. բրիտանացի գործիչներ միջազգային առաջնորդներուն յիշեցուցած են ցեղասպանութիւնը կանխելու պատասխանատւութեան մասին

44-օրեայ պատերազմի գործերով 300-է աւելի ահաբեկիչներ նոյնականացուած են. ՀՀ ՔԿ նախագահ
Յաջորդ նիւթը

44-օրեայ պատերազմի գործերով 300-է աւելի ահաբեկիչներ նոյնականացուած են. ՀՀ ՔԿ նախագահ

ԱնցնիլՎեր