Ատրպէյճանը Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ արգիլուած զէնք կը կիրառէ

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ոչ հեռու յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած ողկուզային հրթիռ՝ 260-էն աւելի պայթած ու չպայթած բեկորային ռումբերով, որ միջազգային բոլոր համաձայնութիւններու դրոյթներով՝ արգիլուած է կիրառել խաղաղբնակչութեան վրայ։ Տարածքը, ուր յայտնաբերուած է հրթիռը, տնտեսական նշանակութիւն ունի: Այստեղ մարդիկ անասնապահութեամբ, այգեգործութեամբ ու մեղուաբուծութեամբ կը զբաղին: Մօտակայքը ռազմական որեւէ կառոյց չկայ: Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան Փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը արօտավայրին ու յարակից անտառներուն մէջ յայտնաբերուած զինամթերքը հետագային պիտի ոչնչացնեն: Այս օրերուն Արցախի մէջ գտնուող հայկական ու արտասահմանեան լրատուամիջոցները նկարահանած եւ լուսաբանած են սակրաւորներու աշխատանքը: ԱԻ պետական ծառայութիւնը անգամ մը եւս կը յորդորէ մեր հայրենակիցները՝ տան բակերուն, այգիներուն, թէկուզ անտառներուն մէջ
20 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ արգիլուած զէնք կը կիրառէ

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ոչ հեռու յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած ողկուզային հրթիռ՝ 260-էն աւելի պայթած ու չպայթած բեկորային ռումբերով, որ միջազգային բոլոր համաձայնութիւններու դրոյթներով՝ արգիլուած է կիրառել խաղաղբնակչութեան վրայ։

Տարածքը, ուր յայտնաբերուած է հրթիռը, տնտեսական նշանակութիւն ունի: Այստեղ մարդիկ անասնապահութեամբ, այգեգործութեամբ ու մեղուաբուծութեամբ կը զբաղին:

Մօտակայքը ռազմական որեւէ կառոյց չկայ: Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան Փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը արօտավայրին ու յարակից անտառներուն մէջ յայտնաբերուած զինամթերքը հետագային պիտի ոչնչացնեն:

Այս օրերուն Արցախի մէջ գտնուող հայկական ու արտասահմանեան լրատուամիջոցները նկարահանած եւ լուսաբանած են սակրաւորներու աշխատանքը:

ԱԻ պետական ծառայութիւնը անգամ մը եւս կը յորդորէ մեր հայրենակիցները՝ տան բակերուն, այգիներուն, թէկուզ անտառներուն մէջ ռումբ, կամ այլ պայթուցիկ նիւթեր յայտնաբերելու պարագային անյապաղ զանգելու ☎️ 911,112,101 շուրջօրեայ գործող հեռախօսահամարներուն:

Զօրավար-լեյտենանտ Տիրան Խաչատրեանը եւ զօրավար-մայոր Անդրանիկ Փիլոյեանը պիտի արժանանան Ազգային հերոսի կոչման. ՀՀ վարչապետ
Նախորդ նիւթը

Զօրավար-լեյտենանտ Տիրան Խաչատրեանը եւ զօրավար-մայոր Անդրանիկ Փիլոյեանը պիտի արժանանան Ազգային հերոսի կոչման. ՀՀ վարչապետ

Լուսադէմին Մարտակերտը՝ յարակից գիւղերով, դարձեալ յայտնուած է թշնամիի նշանակէտին
Յաջորդ նիւթը

Լուսադէմին Մարտակերտը՝ յարակից գիւղերով, դարձեալ յայտնուած է թշնամիի նշանակէտին

ԱնցնիլՎեր