«Ատրպէյճանը կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան հիմնական  սպառնալիք» Զոհրապ  Մնացականեան

Ատրպէյճանի կողմէ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձերը, որոնք մինչեւ օրս արտայայտուած են նաեւ ուժի կիրառումով, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք են: Այս մասին, 27 Օգոստոսին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը յայտարարեց  ՀՀ ԱԳՆ կեդրոնական մարմնի եւ արտերկրի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հետ հաւաքի ընթացքին: «Հայաստանը հանդէս կու գայ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման դիրքերէն, սակայն չի կրնար ընդունել Ատրպէյճանի կողմէն բացայայտ կամ քօղարկուած ուժի կիրառումի սպառնալիքները, եւ հրադադարի ռեժիմը պայմանական դարձնելու որեւէ նկրտում: Լարուածութեան պայմաններուն մէջ բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի ջանքերը կը խոչընդոտեն խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, եւ ըստ այդմ, չեն նպաստեր հիմնախնդրին տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման: Ատրպէյճանն իր անփոփոխ հայատեաց քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մնալ
28 Օգոստոսի 2019
3 ր. ընթերցում
«Ատրպէյճանը կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան հիմնական  սպառնալիք» Զոհրապ  Մնացականեան

Ատրպէյճանի կողմէ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձերը, որոնք մինչեւ օրս արտայայտուած են նաեւ ուժի կիրառումով, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք են: Այս մասին, 27 Օգոստոսին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը յայտարարեց  ՀՀ ԱԳՆ կեդրոնական մարմնի եւ արտերկրի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հետ հաւաքի ընթացքին:

«Հայաստանը հանդէս կու գայ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման դիրքերէն, սակայն չի կրնար ընդունել Ատրպէյճանի կողմէն բացայայտ կամ քօղարկուած ուժի կիրառումի սպառնալիքները, եւ հրադադարի ռեժիմը պայմանական դարձնելու որեւէ նկրտում: Լարուածութեան պայմաններուն մէջ բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի ջանքերը կը խոչընդոտեն խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, եւ ըստ այդմ, չեն նպաստեր հիմնախնդրին տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման: Ատրպէյճանն իր անփոփոխ հայատեաց քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան սպառնալիքը: Խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, եւ ՀՀ-ն եւ Արցախը ունին բաւարար ուժ՝ խաղաղութեան ապահովման համար»,- նշեց Մնացականեանը:

 

Ինչ տեսք ունի  աղէտահար Ամազոնը
Նախորդ նիւթը

Ինչ տեսք ունի  աղէտահար Ամազոնը

Իրանեան տագնապ. Թրամփ դրական նշաններ ուղարկեց Իրանին
Յաջորդ նիւթը

Իրանեան տագնապ. Թրամփ դրական նշաններ ուղարկեց Իրանին

ԱնցնիլՎեր