Ատրպէյճանը կրակած է Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի ուղղութեամբ. վնասուած են բնակելի տուներ

Ատրպէյճանական գնդակոծութենէն տուժած բնակելի տան մէջ երիտասարդ ընտանիք կը բնակի, մանկահասկ երեխաներով։ Այս մասին NEWS.am-ին պատմած է Բերքաբերի համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահէ Ալիխանեանը։ «Երկու երեխայ ունին՝ 3 եւ 6 տարեկան, որոնք բակը կը խաղային այդ ժամանակ, մարդիկ բակը եղած են: Գնդակոծութեան ժամանակ ապահով սենեակ ունին, անկէ օգտուած են»,- նշած է գիւղապետի ԺՊ-ն։ Գնդակոծութեան հետեւանքով վնասուած է տան պատուհաններէն մէկուն ապակին եւ ներսի պատը։ Պատուհանի վերականգնման հարցը, Վահէ Ալիխանեանի խօսքով, դեռ չէ լուծուած։ Յիշեցնենք, որ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան ֆէյսպուքեան իր էջին միջոցով յայտնած էր, որ 13 Մայիսին` ժամը 14:00-ին, ատրպէյճանական մարտական յենակէտերէն խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի
14 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը կրակած է Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի ուղղութեամբ. վնասուած են բնակելի տուներ

Ատրպէյճանական գնդակոծութենէն տուժած բնակելի տան մէջ երիտասարդ ընտանիք կը բնակի, մանկահասկ երեխաներով։ Այս մասին NEWS.am-ին պատմած է Բերքաբերի համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահէ Ալիխանեանը։

«Երկու երեխայ ունին՝ 3 եւ 6 տարեկան, որոնք բակը կը խաղային այդ ժամանակ, մարդիկ բակը եղած են: Գնդակոծութեան ժամանակ ապահով սենեակ ունին, անկէ օգտուած են»,- նշած է գիւղապետի ԺՊ-ն։

Գնդակոծութեան հետեւանքով վնասուած է տան պատուհաններէն մէկուն ապակին եւ ներսի պատը։ Պատուհանի վերականգնման հարցը, Վահէ Ալիխանեանի խօսքով, դեռ չէ լուծուած։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան ֆէյսպուքեան իր էջին միջոցով յայտնած էր, որ 13 Մայիսին` ժամը 14:00-ին, ատրպէյճանական մարտական յենակէտերէն խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուած են բնակելի տուներ:

«Հակառակորդին կրակէտերու ուղղութեամբ հայ դիրքապահներու ձեռնարկած համապատասխան գործողութիւններու արդիւնքով հակառակորդին լռեցուցած են:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 3860 -ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 3860 -ի

«Քորոնա»ի Տագնապ. Հայաստանի տնտեսութիւնը այս տարի 3,5 տոկոս անկում կ'արձանագրէ. Եւրոպայի Զարգացման Դրամատուն  
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա»ի Տագնապ. Հայաստանի տնտեսութիւնը այս տարի 3,5 տոկոս անկում կ’արձանագրէ. Եւրոպայի Զարգացման Դրամատուն  

ԱնցնիլՎեր