Ատրպէյճանը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. վիրաւոր ունինք

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 21 Սեպտեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 8ի շուրջ, ականանետերու եւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու օգտագործումով կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Լուրը հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ պատասխան գործողութիւններով հակառակորդին կրակը դադրած է: Կայ վիրաւորուած հայ զինուոր մը, որուն կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Ժամը 9։30ի դրութեամբ իրադրութիւնը կայունացած է, կրակոցներ չկան:
22 Սեպտեմբերի 2022
1 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. վիրաւոր ունինք

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 21 Սեպտեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 8ի շուրջ, ականանետերու եւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու օգտագործումով կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Լուրը հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ պատասխան գործողութիւններով հակառակորդին կրակը դադրած է:

Կայ վիրաւորուած հայ զինուոր մը, որուն կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Ժամը 9։30ի դրութեամբ իրադրութիւնը կայունացած է, կրակոցներ չկան:

Եղիշէ Կիրակոսեան ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ խօսած է ատրպէյճանցիներու կատարած պատերազմական յանցագործութիւններու մասին
Նախորդ նիւթը

Եղիշէ Կիրակոսեան ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ խօսած է ատրպէյճանցիներու կատարած պատերազմական յանցագործութիւններու մասին

Փութին Ռուսիոյ մէջ մասնակի զօրահաւաք յայտարարած է
Յաջորդ նիւթը

Փութին Ռուսիոյ մէջ մասնակի զօրահաւաք յայտարարած է

ԱնցնիլՎեր