Ատրպէյճանը չի կրնար ստիպել մեզ չհիմնաւորուած եւ միակողմանի զիջումներու երթալ . Նիկոլ Փաշինեան

Ինչպէս գիտէք, Ատրպէյճանը, անտեսելով համավարակի պայմաններուն մէջ զինուած բախումներու դադրեցման բազմաթիւ կոչերը, անոնց կարգին՝ 14 ապրիլի Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի համատեղ յայտարարությունը եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի 23 մարտի յայտարարութիւնը, սանձազերծեց ռազմական գործողութիւններ Հայաստանի սահմանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ: Հայաստանի զինուած ուժերը չէին կրնար չպատասխանել Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն: Այս մասին, այսօր՝ 17 յուլիսին Պելառուսիոյ մէջ ընթացող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստի ժամանակ իր ելոյթին մէջ նշած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան: «Ցաւօք, սադրանքները կը շարունակուին առ այսօր` նպաստելով լարուածութեան պահպանման եւ իրավիճակի անկախատեսելիութեան: Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է տարածաշրջանի լարուածութեան սրման, ոչ մէկ տեղ կը տանի: Ան չի կրնար կոտրել մեր ժողովուրդի
17 Հուլիսի 2020
4 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը չի կրնար ստիպել մեզ չհիմնաւորուած եւ միակողմանի զիջումներու երթալ . Նիկոլ Փաշինեան

Ինչպէս գիտէք, Ատրպէյճանը, անտեսելով համավարակի պայմաններուն մէջ զինուած բախումներու դադրեցման բազմաթիւ կոչերը, անոնց կարգին՝ 14 ապրիլի Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի համատեղ յայտարարությունը եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի 23 մարտի յայտարարութիւնը, սանձազերծեց ռազմական գործողութիւններ Հայաստանի սահմանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ: Հայաստանի զինուած ուժերը չէին կրնար չպատասխանել Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն: Այս մասին, այսօր՝ 17 յուլիսին Պելառուսիոյ մէջ ընթացող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստի ժամանակ իր ելոյթին մէջ նշած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ցաւօք, սադրանքները կը շարունակուին առ այսօր` նպաստելով լարուածութեան պահպանման եւ իրավիճակի անկախատեսելիութեան:

Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է տարածաշրջանի լարուածութեան սրման, ոչ մէկ տեղ կը տանի: Ան չի կրնար կոտրել մեր ժողովուրդի վճռականութիւնը եւ ստիպել մեզ չհիմնաւորուած եւ միակողմանի զիջումներու երթալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով: Հակամարտութեան ուժային լուծում գոյութիւն չունի, եւ խաղաղ բանակցութիւնները չունին այլընտրանք, ինչ որ կը համապատասխանէ մեր տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու շահերուն»,- ընդգծած է Փաշինեան:

Հայոց մարտունակ բանակի մեր արի զինուորները անգամ մը եւս պատմութիւն կը կերտեն. Ըլլանք անոնց կողքին
Նախորդ նիւթը

Հայոց մարտունակ բանակի մեր արի զինուորները անգամ մը եւս պատմութիւն կը կերտեն. Ըլլանք անոնց կողքին

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 34 981-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 34 981-ի

ԱնցնիլՎեր