Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը Արցախի բնակավայրերու ուղղութեամբ յանգեցուցած է քաղաքացիական զոհերու ու վնասներու. Արցախի ՄԻՊ

27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանը լայնածաւալ օդային ու հրթիռահրետանային յարձակում սկսած է շփման գիծի ողջ երկայնքով՝ թիրախաւորելով նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիական բնակավայրեր ու ենթակառուցուածքներ, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Առկայ են նաեւ քաղաքացիական զոհեր ու վնասներ, կը յայտնէ Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեանը: «Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը խիստ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու կոպտագոյն ոտնահարումը: Պաշտպանը կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատական տալու ատրպէյճանական գործողութիւններուն, այն ալ՝ ՔՈՎԻՏ-19 համավարակի պայմաններուն, եւ միջոցներ ձեռք առնելու Արցախի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներու կեանքին ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու չէզոքացման ուղղութեամբ», -ըսուած է ՄԻՊ յայտարարութեան մէջ:
27 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը Արցախի բնակավայրերու ուղղութեամբ յանգեցուցած է քաղաքացիական զոհերու ու վնասներու. Արցախի ՄԻՊ

27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանը լայնածաւալ օդային ու հրթիռահրետանային յարձակում սկսած է շփման գիծի ողջ երկայնքով՝ թիրախաւորելով նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիական բնակավայրեր ու ենթակառուցուածքներ, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Առկայ են նաեւ քաղաքացիական զոհեր ու վնասներ, կը յայտնէ Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեանը:

«Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը խիստ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու կոպտագոյն ոտնահարումը:

Պաշտպանը կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատական տալու ատրպէյճանական գործողութիւններուն, այն ալ՝ ՔՈՎԻՏ-19 համավարակի պայմաններուն, եւ միջոցներ ձեռք առնելու Արցախի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներու կեանքին ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու չէզոքացման ուղղութեամբ», -ըսուած է ՄԻՊ յայտարարութեան մէջ:

«Ազգովի պատերազմ պիտի մղենք եւ ազգովի յաղթանակ պիտի տանինք». Արցախի նախագահը ուղերձով կը դիմէ ժողովուրդին
Նախորդ նիւթը

«Ազգովի պատերազմ պիտի մղենք եւ ազգովի յաղթանակ պիտի տանինք». Արցախի նախագահը ուղերձով կը դիմէ ժողովուրդին

Սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ. Պարգեւ Սրբազան
Յաջորդ նիւթը

Սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ. Պարգեւ Սրբազան

ԱնցնիլՎեր