Ատրպէյճանի մէջ այսօր կը գտնուին թրքական զինուժի բաւականին մեծ ստորաբաժանումներ

Արդէն երրորդ օրն է, որ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն երկայնքով կը շարունակուին աշխոյժ մարտեր ընթանալ: Այս մասին այսօր՝ 30 սեպտեմբերին, ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը: Անոր խօսքով, ամբողջ գիշեր շփման գիծի ողջ երկայնքով աշխոյժ մարտեր ընթացած են, մասնաւորաէես աշխոյժ եղած են հւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւնները: «Մեր միջազգային լրատուամիջոցներուն ներկայացնեմ, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը որոշակի յաջողութիւններ ունեցած են միայն առաջին օրը: Արէեն 27-ի գիշերը ՊԲ-ն կրցած է վերականգնել կորսնցուցած դիրքերուն մեծ մասը, ունենալ որոշակի յառաջխաղացում, յաջողութիւններ, որոնք առայսօր կը պահպանուին: ՊԲ-ն կրնայ կասեցնել բոլոր յարձակողական գործողութիւնները, որոնք կ’իրականացնէ Ատրպէյճանի բանակը՝ թրքական զինուժի աջակցութեամբ: Երէկ արդէն Թուրքիոյ
30 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանի մէջ այսօր կը գտնուին թրքական զինուժի բաւականին մեծ ստորաբաժանումներ

Արդէն երրորդ օրն է, որ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն երկայնքով կը շարունակուին աշխոյժ մարտեր ընթանալ: Այս մասին այսօր՝ 30 սեպտեմբերին, ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

Անոր խօսքով, ամբողջ գիշեր շփման գիծի ողջ երկայնքով աշխոյժ մարտեր ընթացած են, մասնաւորաէես աշխոյժ եղած են հւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւնները:

«Մեր միջազգային լրատուամիջոցներուն ներկայացնեմ, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը որոշակի յաջողութիւններ ունեցած են միայն առաջին օրը: Արէեն 27-ի գիշերը ՊԲ-ն կրցած է վերականգնել կորսնցուցած դիրքերուն մեծ մասը, ունենալ որոշակի յառաջխաղացում, յաջողութիւններ, որոնք առայսօր կը պահպանուին: ՊԲ-ն կրնայ կասեցնել բոլոր յարձակողական գործողութիւնները, որոնք կ’իրականացնէ Ատրպէյճանի բանակը՝ թրքական զինուժի աջակցութեամբ: Երէկ արդէն Թուրքիոյ ՊՆ-ն յայտարարեց, որ պատրաստ են աւելի ուղիղ մասնակցութիւն ունենալու: Բայց մենք գիտենք, որ Ատրպէյճանի մէջ այսօր կը գտնուին թրքական զինուժի բաւականին մեծ ստորաբաժանումներ եւ անոնց աջակցութեամբ Ատրպէյճանը կը փորձէ յաջողութիւններ ունենալ:

Անցած գիշեր բոլոր յարձակողական գործողութիւնները ձախողած են: Այս պահուն Ատրպէյճանի բանակը ունի ռազմական սարքերու եւ զինուորական ուժի շատ մեծ կորուստներ»,-յայտարարած է ան:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 50 359-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 50 359-ի

Թուրքիոյ F-16-երը բերուած էին, քանի որ Ատրպէյճանի կործանիչները չէին կրնար խնդիրը լուծել. Յովհաննիսեան
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ F-16-երը բերուած էին, քանի որ Ատրպէյճանի կործանիչները չէին կրնար խնդիրը լուծել. Յովհաննիսեան

ԱնցնիլՎեր