Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Մարտունիի մէջ մէկ կին եւ մէկ երեխայ զոհուած են

Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ մէկ կին եւ մէկ երեխայ զոհուած են: Այս մասին ֆեյսպուքի իր էջին գրած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը: «Ատրպէյճանական հրետակոծութիւններու հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան զոհեր ու վիրաւորներ: Մարտունիի շրջանին մէջ երկու անձ զոհուած է՝ մէկ կին ու մէկ երեխայ, կայ երկու վիրաւոր: Մնացած բնակավայրերուն մասով տուեալները կը ճշդուին: Հրետակոծած են նաեւ դպրոցներ, ներառեալ՝ Ստեփանակերտի մէջ: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու մեծամաշտապ վնասներ կան բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ», — գրած է ան:
27 Սեպտեմբերի 2020
1 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Մարտունիի մէջ մէկ կին եւ մէկ երեխայ զոհուած են

Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ մէկ կին եւ մէկ երեխայ զոհուած են: Այս մասին ֆեյսպուքի իր էջին գրած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը:

«Ատրպէյճանական հրետակոծութիւններու հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան զոհեր ու վիրաւորներ:

Մարտունիի շրջանին մէջ երկու անձ զոհուած է՝ մէկ կին ու մէկ երեխայ, կայ երկու վիրաւոր: Մնացած բնակավայրերուն մասով տուեալները կը ճշդուին:

Հրետակոծած են նաեւ դպրոցներ, ներառեալ՝ Ստեփանակերտի մէջ:

Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու մեծամաշտապ վնասներ կան բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ», — գրած է ան:

Սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ. Պարգեւ Սրբազան
Նախորդ նիւթը

Սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ. Պարգեւ Սրբազան

Ատրպէյճանական զինուժը կորսնցուցած է 2 ուղղաթիռ, 14 անօդաչու թռչող սարք․ ԱՀ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանական զինուժը կորսնցուցած է 2 ուղղաթիռ, 14 անօդաչու թռչող սարք․ ԱՀ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր