Ատրպէյճանցի գերին կարեւոր տուեալներ ներկայացուցած է թուրք մասնագէտներու մասին

Արցախի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ բուժում ստացող ատրպէյճանցի ռազմագերի՝ Էմին Պաշխալին Զահիր Օղլուն պատմած է, թէ ինչպէս Թուրքիայէն ժամանած զինուորական մասնագէտները կը ղեկավարեն Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ծաւալած ռազմական յարձակումը: Լուսանկարիչ՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի հրապարակած տեսանիւթին մէջ ատրպէյճանցի ռազմագերին կը պատմէ, որ դասընթացքներ ընելու նպատակով իրենց հետ եկած էին երեք հոգի եւ ըսած էին, որ Թուրքիայէն են: «Այդ ակնյայտ էր անոնց խօսելու ձեւէն եւ զինուորական հագուստէն: Դասընթացքները հիմնականօրէն կը կատարուէին անոնց պատրաստած ծրագիրով: Ատոնք տեւեցին 10-15 օր: Անոնք հիմա կը գտնուին մեր հրամանատարական կէտերը, եւ առանց անոնց հրահանգներուն մեր հրամանատարները ինքնուրոյն որոշումներ չեն կայացներ»,- ըսած է ատրպէյճանցի ռազմագերին: Էմին Պաշխալին Զահիր Օղլուն նշած
22 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանցի գերին կարեւոր տուեալներ ներկայացուցած է թուրք մասնագէտներու մասին

Արցախի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ բուժում ստացող ատրպէյճանցի ռազմագերի՝ Էմին Պաշխալին Զահիր Օղլուն պատմած է, թէ ինչպէս Թուրքիայէն ժամանած զինուորական մասնագէտները կը ղեկավարեն Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ծաւալած ռազմական յարձակումը: Լուսանկարիչ՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի հրապարակած տեսանիւթին մէջ ատրպէյճանցի ռազմագերին կը պատմէ, որ դասընթացքներ ընելու նպատակով իրենց հետ եկած էին երեք հոգի եւ ըսած էին, որ Թուրքիայէն են:

«Այդ ակնյայտ էր անոնց խօսելու ձեւէն եւ զինուորական հագուստէն: Դասընթացքները հիմնականօրէն կը կատարուէին անոնց պատրաստած ծրագիրով: Ատոնք տեւեցին 10-15 օր: Անոնք հիմա կը գտնուին մեր հրամանատարական կէտերը, եւ առանց անոնց հրահանգներուն մեր հրամանատարները ինքնուրոյն որոշումներ չեն կայացներ»,- ըսած է ատրպէյճանցի ռազմագերին:

Էմին Պաշխալին Զահիր Օղլուն նշած է նաեւ, որ իր առողջական վիճակը լաւ է, բժիշկները վէրքը կը մշակեն եւ նոր վիրակապ կը դնեն:

Մէկ օրուան մէջ Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի մրցանշային՝ 2306 դէպք
Նախորդ նիւթը

Մէկ օրուան մէջ Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի մրցանշային՝ 2306 դէպք

Պաշտպանութեան բանակը այսօր հրապարակած է զոհուած 40 եւ ապա 26 զինծառայողի անուն
Յաջորդ նիւթը

Պաշտպանութեան բանակը այսօր հրապարակած է զոհուած 40 եւ ապա 26 զինծառայողի անուն

ԱնցնիլՎեր