Մէկ օրուան մէջ Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի մրցանշային՝ 2306 դէպք

22 Հոկտեմբերի, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 70836 դէպք, որոնցմէ 49787-ն` առողջացած, 1131-ը` մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 19591 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 362293 քննութիւն: Այսպիսով` երէկ կատարուած է 5189 քննութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 2306 նոր դէպք: Ունինք 568 առողջացած: Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ հիւանդները եղած են 66 (կին), 81 (կին), 69 (տղամարդ), 73 (կին), 70 (տղամարդ), 68 (տղամարդ), 69 (տղամարդ), 70 (կին), 60 (կին) եւ 58 (տղամարդ) տարեկան։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 6 դէպք,
22 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Մէկ օրուան մէջ Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի մրցանշային՝ 2306 դէպք

22 Հոկտեմբերի, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 70836 դէպք, որոնցմէ 49787-ն` առողջացած, 1131-ը` մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 19591 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 362293 քննութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 5189 քննութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 2306 նոր դէպք: Ունինք 568 առողջացած:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ հիւանդները եղած են 66 (կին), 81 (կին), 69 (տղամարդ), 73 (կին), 70 (տղամարդ), 68 (տղամարդ), 69 (տղամարդ), 70 (կին), 60 (կին) եւ 58 (տղամարդ) տարեկան։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 6 դէպք, երբ հիւանդները ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 327 է:

Երաժիշտներն Արցախի համար․ խաղաղութեան համերգ՝ Սերժ Թանքեանի եւ Տիգրան Համասեանի մասնակցութեամբ
Նախորդ նիւթը

Երաժիշտներն Արցախի համար․ խաղաղութեան համերգ՝ Սերժ Թանքեանի եւ Տիգրան Համասեանի մասնակցութեամբ

Ատրպէյճանցի գերին կարեւոր տուեալներ ներկայացուցած է թուրք մասնագէտներու մասին
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցի գերին կարեւոր տուեալներ ներկայացուցած է թուրք մասնագէտներու մասին

ԱնցնիլՎեր