«Եւրոնեսթ»ի խորհրդարանական վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող ատրպէյճանցի պատգամաւորներ Սոլթան Մամետովն ու Թաիր Միրքիշիլին այցելած են Մաշտոցի պողոտային վրայ գտնուող իրանեան Կապոյտ մզկիթ եւ այն անուանած են «ատրպէյճանական»:
«Մենք այցելած ենք Կապոյտ մզկիթ: Որքան որ գիտենք, սա միակ ատրպէյճանական յուշարձանն է, որ պահպանուած է Երեւանի մէջ: Չնայած պատերուն վրայի գրառումները այլ երկրի կը պատկանին, բայց պատերը, ճարտարապետութիւնն ու ոգին միայն մեզի կը պատկանի: Մենք կը հաւատանք, որ օր մը այս մզկիթին իրական տէրերը պիտի կարենան իրենց աղօթքները բարձրացնել: Իսկ ատրպէյճանցիներուն աղօթքները բարի են եւ ի վերջոյ կը կատարուին», ըսած են անոնք:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 21-22-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի ծիրէն ներս Երեւան ժամանած էին Ատրպէյճանցի պատգամաւորները:
«Եկել են երկու պատգամաւոր եւ մէկ ուղեկցող: Որքան յիշում եմ մի պատգամաւորն անկուսակցական է, միւսը «Նոր Ատրպէյճան» կառավարող ուժի անդամ է», ըսած է Մարիա Կարապետեան: