Ատրպէյճան ունի բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ․ Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատած է Անճէյ Քասփրչիկի հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիկի հետ: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը: «Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է ժամը 03:40-էն ՀՀ պետական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը, նշած, որ ատրպէյճանական կողմը ունի բազմաթիւ վիրաւորներ եւ զոհեր: Պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ սահմաններու նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի ոտնձգութիւնները բոլոր առկայ ուժերով եւ միջոցներով կը տապալին»,- գրած է Ստեփանեան: Գիշերը ժամը մօտ 03:40-ին ՀՀ ԶՈՒ դիրքապահները նկատած են հակառակորդի շարժ: Անցնելով շրջանաձեւ պաշտպանութեան, հայկական ստորաբաժանումները կանխած են հակառակորդին ներթափանցման փորձը: Թէժ մարտէն ետք հակառակորդը, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած
16 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճան ունի բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ․ Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատած է Անճէյ Քասփրչիկի հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիկի հետ: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

«Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է ժամը 03:40-էն ՀՀ պետական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը, նշած, որ ատրպէյճանական կողմը ունի բազմաթիւ վիրաւորներ եւ զոհեր:

Պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ սահմաններու նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի ոտնձգութիւնները բոլոր առկայ ուժերով եւ միջոցներով կը տապալին»,- գրած է Ստեփանեան:

Գիշերը ժամը մօտ 03:40-ին ՀՀ ԶՈՒ դիրքապահները նկատած են հակառակորդի շարժ: Անցնելով շրջանաձեւ պաշտպանութեան, հայկական ստորաբաժանումները կանխած են հակառակորդին ներթափանցման փորձը: Թէժ մարտէն ետք հակառակորդը, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած է: Այնուհետեւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները ժամը 05:20-ին սկսած են հրետակոծել Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերը` կիրառելով ականանետ եւ Տ-30 հաուբից:

Հայկական ստորաբաժանումները հակառակորդի հրասայլ եւ կրակային դիրքեր խոցած են
Նախորդ նիւթը

Հայկական ստորաբաժանումները հակառակորդի հրասայլ եւ կրակային դիրքեր խոցած են

Մարտերը թուլացելր են, հայկական կողմը զոհեր չունի. Արծրուն Յովհաննիսեան
Յաջորդ նիւթը

Մարտերը թուլացելր են, հայկական կողմը զոհեր չունի. Արծրուն Յովհաննիսեան

ԱնցնիլՎեր