Արայիկ Յարութիւնեանը երդմամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը

Արայիկ Յարութիւնեանը երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: Միջոցոռւմը տեղի ունեցաւ Շուշիի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ կայացած ԱԺ հատուկ նիստի ժամանակ՝ Սահմանադրութեամբ սահմանուած կարգով: Նախագահի երդման համար դահլիճ բերուեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը, Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարանը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար երդման իր խօսքին մէջ Յարութիւնեանը, մասնաւորապէս ըսաւ. «Ստանձնելով ԱՀ նախագահի պաշտօնը՝ կ’երդուիմ. անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները` յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդին»: Պաշտօնի ստանձնման եւ երդման արարողութեան ներկայ եղան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ
21 Մայիսի 2020
6 ր. ընթերցում
Արայիկ Յարութիւնեանը երդմամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը

Արայիկ Յարութիւնեանը երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: Միջոցոռւմը տեղի ունեցաւ Շուշիի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ կայացած ԱԺ հատուկ նիստի ժամանակ՝ Սահմանադրութեամբ սահմանուած կարգով:

Նախագահի երդման համար դահլիճ բերուեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը, Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարանը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար երդման իր խօսքին մէջ Յարութիւնեանը, մասնաւորապէս ըսաւ. «Ստանձնելով ԱՀ նախագահի պաշտօնը՝ կ’երդուիմ. անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները` յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդին»:

Պաշտօնի ստանձնման եւ երդման արարողութեան ներկայ եղան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, Արցախի երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանը, երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Գերաշնորհ Սրբազան հայրը: ԱԺ յատուկ նիստին մասնակցեցան ԱՀ ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամները, Գերագոյն դատարանի նախագահն ու Վերաքննիչ եւ Առաջին ատեանի դատարանի նախագահները, Պաշտպանութեան բանակաի բարձրագոյն սպայակազմը, ԿԸՅ-ի անդամները, Հայաստանի եւ Արցախի կուսակցութեան ներկայացուցիչներ եւ այլք:

Օրհնանքի իր խօսքը ըրաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, շնորհաւորեց նաեւ Սուրբ համբարձման տօնի առիթով:

15 Ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքներով նախագահ ընտրուած էր «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: Երկրորդ փուլին անոր հետ կը մրցակցէր ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանը: Իսկ առաջին փուլի քուէարկութիւնը կայացած էր 31 մարտին։

Յարութիւնեանը երկրի ղեկավարի պաշտօնին փոխարինեց Բակօ Սահակեանին:

Պատերազմի սպառնալիքները որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ Ղարաբաղեան հարցի լուծման առընթեր. Աննա Նաղդալեանի յայտարարութիւնը
Նախորդ նիւթը

Պատերազմի սպառնալիքները որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ Ղարաբաղեան հարցի լուծման առընթեր. Աննա Նաղդալեանի յայտարարութիւնը

Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 5928-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 5928-ի

ԱնցնիլՎեր