Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 5928-ի

Հայաստանի մէջ, 22 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 5928 դէպք, որոնցմէ 2874-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2952 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 47 654 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 322 նոր դէպք եւ 293 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 74 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 52, 81, 61 եւ 82 տարեկան տղամարդիկ, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
22 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 5928-ի

Հայաստանի մէջ, 22 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 5928 դէպք, որոնցմէ 2874-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2952 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 47 654 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 322 նոր դէպք եւ 293 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 74 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 52, 81, 61 եւ 82 տարեկան տղամարդիկ, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Ընդհանուր դէպքերու թիւը հասած է 28-ի։ 

Արայիկ Յարութիւնեանը երդմամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը
Նախորդ նիւթը

Արայիկ Յարութիւնեանը երդմամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը

Մեծապէս կը կարեւորեմ Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութիւնը. Վարչապետ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Մեծապէս կը կարեւորեմ Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութիւնը. Վարչապետ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր