Արայիկ Յարութիւնեանն 88% ձայնով ընտրուած է Արցախի նախագահ. ԿԸՅ-ն ներկայացուցած է նախնական արդիւնքները

14 Ապրիլին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով՝ նախագահ ընտրուած է  «Ազատ Հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեան: ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան՝ ներկայացնելով արդիւնքները՝ ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանի օգտին քուէարկած է 39,860 ընտրող կամ ընտրողներուն 88%-ը, իսկ Մասիս Մայիլեանի օգտին՝ 5428 ընտրող կամ ընտրողներուն 12%-ը: ԿԸՅ նախագահը նշած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան 3784 ձայնով գերազանցած է իր նախկին ցուցանիշը: Ս. Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ, ընտրական իրաւունք ունի 104,777 ընտրող: Այս թիւին մէջ կը ներառուին նաեւ լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընտրողները: Ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը
15 Ապրիլի 2020
3 ր. ընթերցում
Արայիկ Յարութիւնեանն 88% ձայնով ընտրուած է Արցախի նախագահ. ԿԸՅ-ն ներկայացուցած է նախնական արդիւնքները

14 Ապրիլին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով՝ նախագահ ընտրուած է  «Ազատ Հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեան:

ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան՝ ներկայացնելով արդիւնքները՝ ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանի օգտին քուէարկած է 39,860 ընտրող կամ ընտրողներուն 88%-ը, իսկ Մասիս Մայիլեանի օգտին՝ 5428 ընտրող կամ ընտրողներուն 12%-ը:

ԿԸՅ նախագահը նշած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան 3784 ձայնով գերազանցած է իր նախկին ցուցանիշը: Ս. Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ, ընտրական իրաւունք ունի 104,777 ընտրող: Այս թիւին մէջ կը ներառուին նաեւ լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընտրողները:

Ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը կը կազմէ 47,165 կամ 45%: Անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կը կազմէ 1876 կամ 3.97 %:

ԿԸՅ նախագահին խօսքով՝ Արցախի մէջ կայացած այս ընտրութիւնները կ՝առանձնանան նաեւ այն իրողութեամբ, որ իրականացած են ոչ սովորական, մասնաւորապէս՝ աշխարհը պատուհասած նոր «քորոնա» ժահրի տարածման պայմաններուն մէջ:

Ս. Արզումանեան նշած է, որ ԱՀ Նախագահ ընտրուելու վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի 21 Ապրիլին:

«Մենք պատրաստ չէինք «Քորոնա» ժահրին, բայց դիմակայեցինք». Մաքրոն 1 ամիսով երկարաձգած է արտակարգ դրութեան ռեժիմը
Նախորդ նիւթը

«Մենք պատրաստ չէինք «Քորոնա» ժահրին, բայց դիմակայեցինք». Մաքրոն 1 ամիսով երկարաձգած է արտակարգ դրութեան ռեժիմը

Հայաստանի մէջ հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 1111-ի. ապաքինուած է եւս 32 քաղաքացի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 1111-ի. ապաքինուած է եւս 32 քաղաքացի

ԱնցնիլՎեր