Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Սուրիա

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Սուրիա: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, Դամասկոսի օդակայանին մէջ ՀՀ ԱԳ նախարարը դիմաւորուած է Սուրիոյ ԱԳ նախարար Ֆայսալ Մըքտատին կողմէ: Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու առանձնազրոյցը: Արարատ Միրզոյեանը Դամասկոսի մէջ պիտի հանդիպի նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ, որմէ ետք պիտի մեկնի Հալէպ: Միրզոյեան Սուրիա ժամանած է աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը տեղ հասցնելու նպատակով: 
23 Փետրվարի 2023
1 ր. ընթերցում
Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Սուրիա

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Սուրիա:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, Դամասկոսի օդակայանին մէջ ՀՀ ԱԳ նախարարը դիմաւորուած է Սուրիոյ ԱԳ նախարար Ֆայսալ Մըքտատին կողմէ:

Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու առանձնազրոյցը:

Արարատ Միրզոյեանը Դամասկոսի մէջ պիտի հանդիպի նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ, որմէ ետք պիտի մեկնի Հալէպ:

Միրզոյեան Սուրիա ժամանած է աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը տեղ հասցնելու նպատակով: 

Human Rights Watch-ն անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամին
Նախորդ նիւթը

Human Rights Watch-ն անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամին

Պրիւքսէլի մէջ կը սպասուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպում. Փրայս
Յաջորդ նիւթը

Պրիւքսէլի մէջ կը սպասուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպում. Փրայս

ԱնցնիլՎեր