Արարատ Միրզոյեանն ու Դաւիթ Բաբայեան քննարկած են ատրպէյճանա-թրքական յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը

Օգոստոս 20-ին ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Արցախի ԱԳ նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեանի հետ: Վերջինս շնորհաւորած է Արարատ Միրզոյեանը Հայաստանի եւ Արցախի համար կարեւոր ժամանակաշրջանի արտաքին գործոց նախարարի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Արարատ Միրզոյեան եւ Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու պարբերական խորհրդակցութիւններ կայացնելու կարեւորութիւնը: Անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնախնդրին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ԱԳՆ ղեկավարները ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման եւ համապարփակ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները քննարկած են ատրպէյճանա-թրքական յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի
21 Օգոստոսի 2021
4 ր. ընթերցում
Արարատ Միրզոյեանն ու Դաւիթ Բաբայեան քննարկած են ատրպէյճանա-թրքական յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը

Օգոստոս 20-ին ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Արցախի ԱԳ նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեանի հետ: Վերջինս շնորհաւորած է Արարատ Միրզոյեանը Հայաստանի եւ Արցախի համար կարեւոր ժամանակաշրջանի արտաքին գործոց նախարարի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։

Արարատ Միրզոյեան եւ Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու պարբերական խորհրդակցութիւններ կայացնելու կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնախնդրին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ԱԳՆ ղեկավարները ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման եւ համապարփակ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Զրուցակիցները քննարկած են ատրպէյճանա-թրքական յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի հասցէագրման ուղղութեամբ տեղւոյն գործադրուող ջանքերը։ Շեշտուած է Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններու անթոյլատրելիութիւնը, ինչ որ լուրջ սպառնալիք է տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան համար։

Կարօ Փայլան մեճլիսի մէջ բարձրացուցած է հայկական համայնքին պատկանող հիմնադրամներու ղեկավարներու ընտրութեան հարցը
Նախորդ նիւթը

Կարօ Փայլան մեճլիսի մէջ բարձրացուցած է հայկական համայնքին պատկանող հիմնադրամներու ղեկավարներու ընտրութեան հարցը

Կարօ Փայլան պահանջած է պահպանել Անգարայի հայկական գերեզմանատունը
Յաջորդ նիւթը

Կարօ Փայլան պահանջած է պահպանել Անգարայի հայկական գերեզմանատունը

ԱնցնիլՎեր