Արթուր Թովմասեան ընտրուեցաւ Արցախի Խորհրդարանի նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Թովմասեանը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրէս»-ը, նախ «Արդարութիւն» խմբակցութիւնը առաջարկած է «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի թեկնածութիւնը, սակայն Բալայեանը ինքնաբացարկ ներկայացուցած է՝ նշելով, որ ճիշդ կ’ըլլայ Ազգային ժողովի նախագահը ըլլայ խորհրդարանական մեծամասնութենէն։ Ան առաջարկած է «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Թովմասեանի թեկնածութիւնը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած է փակ գաղտնի քուէարկութիւն։ Քուէարկութեան մասնակցած է 33 պատգամաւոր, Արթուր Թովմասեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկած է 29 պատգամաւոր, դէմ՝ 4։ Նիստի ընթացքին պատգամաւորները պիտի ընտրեն նախագահի տեղակալ եւ մշտական յանձնաժողովներու նախագահներ եւ պիտի ստեղծուին մշտական յանձնաժողովները։ Աւելի ուշ՝ ժամը 18:00-ին, Շուշիի մշակոյթի
21 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Արթուր Թովմասեան ընտրուեցաւ Արցախի Խորհրդարանի նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Թովմասեանը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրէս»-ը, նախ «Արդարութիւն» խմբակցութիւնը առաջարկած է «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի թեկնածութիւնը, սակայն Բալայեանը ինքնաբացարկ ներկայացուցած է՝ նշելով, որ ճիշդ կ’ըլլայ Ազգային ժողովի նախագահը ըլլայ խորհրդարանական մեծամասնութենէն։ Ան առաջարկած է «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Թովմասեանի թեկնածութիւնը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած է փակ գաղտնի քուէարկութիւն։

Քուէարկութեան մասնակցած է 33 պատգամաւոր, Արթուր Թովմասեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկած է 29 պատգամաւոր, դէմ՝ 4։

Նիստի ընթացքին պատգամաւորները պիտի ընտրեն նախագահի տեղակալ եւ մշտական յանձնաժողովներու նախագահներ եւ պիտի ստեղծուին մշտական յանձնաժողովները։

Աւելի ուշ՝ ժամը 18:00-ին, Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արայիկ Յարութիւնեանի՝ ԱՀ նախագահի պաշտօնի ստանձնման նուիրուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստը, որուն պիտի մասնակցի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան ինքնամեկուսացուած
Նախորդ նիւթը

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան ինքնամեկուսացուած

Պատերազմի սպառնալիքները որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ Ղարաբաղեան հարցի լուծման առընթեր. Աննա Նաղդալեանի յայտարարութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Պատերազմի սպառնալիքները որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ Ղարաբաղեան հարցի լուծման առընթեր. Աննա Նաղդալեանի յայտարարութիւնը

ԱնցնիլՎեր