«Արմէնբրես»ի տնօրինութիւնը վստահուեցաւ Էտուարտ Աղաջանեանին եւ Մանէ Գէորգեանին

«Ֆաքթոր»  կայքէն  կը կարդանք` «Արմէնբրես» պետական լրատուական գործակալութեան լիազօր ներկայացուցիչներ պիտի դառնան վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանն ու աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Աղաջանեանը: Այս մասին կառավարութիւնը այսօր համապատասխան որոշում պիտի ընդունի: Նախագիծը, ի դէպ, ընդգրկուած է չզեկուցուող հարցերու ցանկին մէջ: Ընդ որում, գործակալութեան զգալի մասի՝ 51 տոկոս բաժնեմասի լիազօր ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Էտուարտ Աղաջանեանը, 49-ը՝ Մանէ Գէորգեանը: Նշենք, որ գործող որոշմամբ «Արմէնբրես»-ի 50 տոկոս բաժնետոմսը կը պատկանի վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնի, իսկ 25-ական տոկոսները ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղարին եւ ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետին:
10 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
«Արմէնբրես»ի տնօրինութիւնը վստահուեցաւ Էտուարտ Աղաջանեանին եւ Մանէ Գէորգեանին

«Ֆաքթոր»  կայքէն  կը կարդանք` «Արմէնբրես» պետական լրատուական գործակալութեան լիազօր ներկայացուցիչներ պիտի դառնան վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանն ու աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Աղաջանեանը: Այս մասին կառավարութիւնը այսօր համապատասխան որոշում պիտի ընդունի:

Նախագիծը, ի դէպ, ընդգրկուած է չզեկուցուող հարցերու ցանկին մէջ: Ընդ որում, գործակալութեան զգալի մասի՝ 51 տոկոս բաժնեմասի լիազօր ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Էտուարտ Աղաջանեանը, 49-ը՝ Մանէ Գէորգեանը:

Նշենք, որ գործող որոշմամբ «Արմէնբրես»-ի 50 տոկոս բաժնետոմսը կը պատկանի վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնի, իսկ 25-ական տոկոսները ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղարին եւ ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետին:

Վարչապետի հրաժարականը պահանջող ուժերը կ'առաջարկեն ստեղծել անիշխանութիւն. Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Վարչապետի հրաժարականը պահանջող ուժերը կ’առաջարկեն ստեղծել անիշխանութիւն. Փաշինեան

ԱԱԾ Պետ Արմէն Աբազեանը կրկին կանչուած է Մոսկուա
Յաջորդ նիւթը

ԱԱԾ Պետ Արմէն Աբազեանը կրկին կանչուած է Մոսկուա

ԱնցնիլՎեր