Արմէն Աբազեանը նշանակուած է ՀՀ ԱԱԾ տնօրէն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Արմէն Աբազեանը նշանակուած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն: Հրամանագիրը հրապարակուած է ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ: «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններու մասին» օրէնքի 4.1-ին յօդուածի 1-ին մասի. Արմէն Աբազեանը նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն»,-ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ: Յիշեցնենք, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Միքայէլ Համբարձումեանը  աւելի վաղ   ազատուած էր իր  պաշտօնէն։
8 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Արմէն Աբազեանը նշանակուած է ՀՀ ԱԱԾ տնօրէն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Արմէն Աբազեանը նշանակուած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն: Հրամանագիրը հրապարակուած է ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններու մասին» օրէնքի 4.1-ին յօդուածի 1-ին մասի. Արմէն Աբազեանը նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն»,-ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Միքայէլ Համբարձումեանը  աւելի վաղ   ազատուած էր իր  պաշտօնէն։

Մարտունիի ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը նահանջեն. WarGonzo
Նախորդ նիւթը

Մարտունիի ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը նահանջեն. WarGonzo

Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեանի վերջին հրաժեշտը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի օր (Մահազդ)
Յաջորդ նիւթը

Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեանի վերջին հրաժեշտը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի օր (Մահազդ)

ԱնցնիլՎեր