Արմէն Գրիգորեանն ԱՄՆ–ի մէջ հանդիպած է Հիքմեթ Հաճիեւի հետ

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւան հիւրընկալած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորյանը ու Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։ Այս մասին Սալիւան գրած է Twitter–ի իր էջին։ «Այսօր ես հիւրընկալեր եմ Հիքմեթ Հաճիեւը ու Արմէն Գրիգորեանը` ուղիղ եւ կառուցողական բանակցութիւններու համար։ Մենք քննարկած ենք հետագայ բռնութիւններու կանխարգելման եւ կարճաժամկէտ ու նպատակային բանակցութիւններու անցկացման կարեւորութիւնը։ Նաեւ առանձնացուցած ենք յստակ քայլեր՝ ուղղուած կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման»,– յայտնած է Սալիւան։ ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդէն ալ յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Կարեւորուած
28 Սեպտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Արմէն Գրիգորեանն ԱՄՆ–ի մէջ հանդիպած է Հիքմեթ Հաճիեւի հետ

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւան հիւրընկալած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորյանը ու Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։ Այս մասին Սալիւան գրած է Twitter–ի իր էջին։

«Այսօր ես հիւրընկալեր եմ Հիքմեթ Հաճիեւը ու Արմէն Գրիգորեանը` ուղիղ եւ կառուցողական բանակցութիւններու համար։ Մենք քննարկած ենք հետագայ բռնութիւններու կանխարգելման եւ կարճաժամկէտ ու նպատակային բանակցութիւններու անցկացման կարեւորութիւնը։ Նաեւ առանձնացուցած ենք յստակ քայլեր՝ ուղղուած կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման»,– յայտնած է Սալիւան։

ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդէն ալ յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Կարեւորուած է վերջին յարձակման հետեւանքներու վերացումը:

ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը սեպտեմբեր 26-էն կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Այցի ծիրէն ներս Գրիգորեան հանդիպած է ամերիկացի ներկայ եւ նախկին պաշտօնեաներու, դեսպաններու, «Քառնեկի» հիմնադրամի եւ այլ վերլուծական կեդրոններու անդամներու հետ: Ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակումը ու անոր հետեւանքները։

ԱԽ քարտուղարն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն եւ քաղաքացիական բնակչութեան ու ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման փաստերուն:

Ուժի կիրառման սպառնալիքի գործադրմամբ Ատրպէյճան կը փորձէ կեանքի կոչել իր առաւելապաշտական նկրտումները. ՀՀ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Ուժի կիրառման սպառնալիքի գործադրմամբ Ատրպէյճան կը փորձէ կեանքի կոչել իր առաւելապաշտական նկրտումները. ՀՀ ԱԳՆ

Խերսոնը, Զապորոժիէն, Տոնէցքն ու Լուկանսքը կողմ քուէարկած են Ռուսաստանի միանալուն
Յաջորդ նիւթը

Խերսոնը, Զապորոժիէն, Տոնէցքն ու Լուկանսքը կողմ քուէարկած են Ռուսաստանի միանալուն

ԱնցնիլՎեր