Արմէն Գրիգորեանն ու Դաւիթ Բաբայեանը քննարկած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչուող հարցեր

Օգոստոս 10-ին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանի հեռախօսազրոյցը։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկու հայկական պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչուող հարցեր։ Երկուստեք կարեւորած են հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս։ Բարձր գնահատուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան դերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան  եւ կայունութեան պահպանման գործով։ Ընդգծուած է Հայասատան-Արցախ-Սփիւռք կապերու հետագայ ամրապնդման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադարձած են Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն։
10 Օգոստոսի 2021
2 ր. ընթերցում
Արմէն Գրիգորեանն ու Դաւիթ Բաբայեանը քննարկած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչուող հարցեր

Օգոստոս 10-ին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանի հեռախօսազրոյցը։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկու հայկական պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչուող հարցեր։ Երկուստեք կարեւորած են հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս։

Բարձր գնահատուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան դերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան  եւ կայունութեան պահպանման գործով։

Ընդգծուած է Հայասատան-Արցախ-Սփիւռք կապերու հետագայ ամրապնդման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադարձած են Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն։

Կը կարծենք, որ հայ-ատրպեճանական սահմանին տեղի ունեցող միջադէպերը սպառնալիք են ՀԱՊԿ անդամ Հայաստանի անվտանգութեան. Զաս
Նախորդ նիւթը

Կը կարծենք, որ հայ-ատրպեճանական սահմանին տեղի ունեցող միջադէպերը սպառնալիք են ՀԱՊԿ անդամ Հայաստանի անվտանգութեան. Զաս

Ատրպէյճանցիները հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած են Արցախի մէջ. ՊԲ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած են Արցախի մէջ. ՊԲ

ԱնցնիլՎեր