Արմէն Չարչեան զրկուեցաւ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

ՀՀ ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին գլխաւոր դատախազի ներկայացուցած միջնորդութեան: Փակ գաղտնի քուէարկութենէն ետք Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը յայտնեց, որ Ազգային Ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած է 68 պատգամաւոր, մէկ քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուած է, կողմ քուէարկած է 67 պատգամաւոր: Չարչեանին առնչուող քրէական վարոյթը, որով դատախազութիւնը կ’ուզէ հանրային քրէական հետապնդում յարուցել, կը վերաբերի «հաց բերող» անունով յայտնի Արթուր Ռոպերթի Սարգսեանի վարոյթին։ Այդ գործով նշանակուած կրկնակի յանձնաժողովային դատաբժշկական փորձաքննութեան յանձնաժողովի կազմին մէջ որպէս փորձագէտ, 2017 թուականի փետրուար 8-ին տուած է կրկնակի դատաբժշկական յանձնաժողովային փորձաքննութեան, ըստ ներկայացուածի՝ կեղծ եզրակացութիւն:
9 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Արմէն Չարչեան զրկուեցաւ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

ՀՀ ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին գլխաւոր դատախազի ներկայացուցած միջնորդութեան:

Փակ գաղտնի քուէարկութենէն ետք Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը յայտնեց, որ Ազգային Ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած է 68 պատգամաւոր, մէկ քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուած է, կողմ քուէարկած է 67 պատգամաւոր:

Չարչեանին առնչուող քրէական վարոյթը, որով դատախազութիւնը կ’ուզէ հանրային քրէական հետապնդում յարուցել, կը վերաբերի «հաց բերող» անունով յայտնի Արթուր Ռոպերթի Սարգսեանի վարոյթին։ Այդ գործով նշանակուած կրկնակի յանձնաժողովային դատաբժշկական փորձաքննութեան յանձնաժողովի կազմին մէջ որպէս փորձագէտ, 2017 թուականի փետրուար 8-ին տուած է կրկնակի դատաբժշկական յանձնաժողովային փորձաքննութեան, ըստ ներկայացուածի՝ կեղծ եզրակացութիւն:

Հայաստան երկրաշարժէն տուժածներուն 30 թոն օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա
Նախորդ նիւթը

Հայաստան երկրաշարժէն տուժածներուն 30 թոն օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա

Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը ԼՂ-ի մէջ յանգեցուցած է նաեւ բնապահպանական ճգնաժամի․ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը ԼՂ-ի մէջ յանգեցուցած է նաեւ բնապահպանական ճգնաժամի․ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր