Արսէն Թորոսեան․ «Հակահամաճարակային շարժումը դանդաղօրէն արդիւնք կու տայ»

«Հակահամաճարակային շարժումը դանդաղ արդիւնք է տալիս», — ֆէյսպուքեան գրառումով տեղեկացուցած է Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան եւ ներկայացուցած է աղիւսակ, COVID-19-ի կանխատեսուած ու իրական թիւերու վերաբերեալ. Յունիս 13-ին կը սպասուէր, որ հատէինք 20 հազար վարակակիրներու շեմը, մինչդեռ այսօր ունինք 18033 վարակակիր։ «Չնայած մեծ բացարձակ թուերին, վերջին 10 օրերի համաճարակաբանական միտումները աւելի դրական են, քան կանխատեսուած էր: Աճի ընթացքի նուազման նման միտումների պատճառը կարող է լինել միայն մեր վարքագիծը, հակահամաճարակային պարզ կանոնների պահպանումը», — գրած է նախարարը: «Այս թուային փոփոխութեան արդիւնքում 60 մահ պակաս կ’արձանագրենք, քան կանխատեսուում էր, այսինքն՝ սրանով 60 մարդու կեանք է փրկուել», — վարչապետ Փաշինեանը աւելի ուշ դարձեալ ֆէյսպուքեան
18 Հունիսի 2020
4 ր. ընթերցում
Արսէն Թորոսեան․ «Հակահամաճարակային շարժումը դանդաղօրէն արդիւնք կու տայ»

«Հակահամաճարակային շարժումը դանդաղ արդիւնք է տալիս», — ֆէյսպուքեան գրառումով տեղեկացուցած է Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան եւ ներկայացուցած է աղիւսակ, COVID-19-ի կանխատեսուած ու իրական թիւերու վերաբերեալ. Յունիս 13-ին կը սպասուէր, որ հատէինք 20 հազար վարակակիրներու շեմը, մինչդեռ այսօր ունինք 18033 վարակակիր։

«Չնայած մեծ բացարձակ թուերին, վերջին 10 օրերի համաճարակաբանական միտումները աւելի դրական են, քան կանխատեսուած էր: Աճի ընթացքի նուազման նման միտումների պատճառը կարող է լինել միայն մեր վարքագիծը, հակահամաճարակային պարզ կանոնների պահպանումը», — գրած է նախարարը:

«Այս թուային փոփոխութեան արդիւնքում 60 մահ պակաս կ’արձանագրենք, քան կանխատեսուում էր, այսինքն՝ սրանով 60 մարդու կեանք է փրկուել», — վարչապետ Փաշինեանը աւելի ուշ դարձեալ ֆէյսպուքեան գրառումով շեշտած էր, աւելցնելով, որ վարակի դէպքպերը 3500-ով պակաս են կանխատեսուածէն, վերջին տասը օրերուն կանոնները պահպանող մարդոց շնորհիւ:

«Քորոնա» ժահրի 544 նոր դէպք գրանցուած է վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հետազօտուածներէն: Ընդհանուր առմամբ՝ Հայաստան արդէն 18033 մարդ COVID-19-ով վարակուած է, որոնցմէ ապաքինուած են 6714-ը, մահացած 302 քաղաքացի, որոցմէ 9-ը` վերջին մէկ օրուայ մէջ: Երէկ մահացածներուն ամենաերիտասարդը 42-ամեայ տղամարդ է: Եւս 3 քաղաքացի մահացած է այլ հիւանդութեան պատճառով, բայց նաեւ հաստատուած «Քորոնա» ժահր ունեցած է:

Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան վստահեցուց, որ ծանր վիճակով տունը գտնուող ու հիւանդանոց փոխադրուելու սպասող վարակակիրներ այս պահուն չկան:

Հայաստան չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ. Արտաքին Գործոց նախարար
Նախորդ նիւթը

Հայաստան չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ. Արտաքին Գործոց նախարար

«Քորոնա» ժահրի հետեւանքով 444 հոգի կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ, 131 հոգի՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ. նախարար
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրի հետեւանքով 444 հոգի կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ, 131 հոգի՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ. նախարար

ԱնցնիլՎեր