Արսէն Յարութիւնեանը փայլուն յաղթանակ տարած է եւ նուաճած է Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր

Պուտապեշտի մէջ շարունակուող ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարին  57 քկ քաշայիններու կիսաեզրափակիչին Արսէն Յարութիւնեանը փայլուն յաղթանակ տարած է: Ան 10-0 հաշուով առաւելութեան հասած է ուքրանացի Անտրէյ Եացենքոյի նկատմամբ: Յիշեցնենք, որ 1/4 եզրափակիչին Արսէնը 10-5 հաշուով պարտութեան մատնած էր վրացի Պեքա Պուճիաշվիլիին, իսկ որակաւորման փուլին 10-2 հաշուով յաղթած էր պելառուս ըմբիշ Վլատիսլավ Անտրէեւին: Այսպիսով` Արսէնը նուաճած է Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր եւ դուրս եկած է եզրափակիչ, ուր այսօր պիտի մրցի պուլկարացի Կէորկի Վանկելովի հետ:
19 Մարտի 2021
1 ր. ընթերցում
Արսէն Յարութիւնեանը փայլուն յաղթանակ տարած է եւ նուաճած է Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր

Պուտապեշտի մէջ շարունակուող ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարին  57 քկ քաշայիններու կիսաեզրափակիչին Արսէն Յարութիւնեանը փայլուն յաղթանակ տարած է: Ան 10-0 հաշուով առաւելութեան հասած է ուքրանացի Անտրէյ Եացենքոյի նկատմամբ:

Յիշեցնենք, որ 1/4 եզրափակիչին Արսէնը 10-5 հաշուով պարտութեան մատնած էր վրացի Պեքա Պուճիաշվիլիին, իսկ որակաւորման փուլին 10-2 հաշուով յաղթած էր պելառուս ըմբիշ Վլատիսլավ Անտրէեւին:

Այսպիսով` Արսէնը նուաճած է Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր եւ դուրս եկած է եզրափակիչ, ուր այսօր պիտի մրցի պուլկարացի Կէորկի Վանկելովի հետ:

Արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելը Հայաստանի ներքին գործն է. Զախարովա
Նախորդ նիւթը

Արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելը Հայաստանի ներքին գործն է. Զախարովա

Արցախի ԱԳՆ յայտարարութիւնը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ Ատրպէյճանի նախագահի այցի կապակցութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Արցախի ԱԳՆ յայտարարութիւնը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ Ատրպէյճանի նախագահի այցի կապակցութեամբ

ԱնցնիլՎեր