Մալխաս Ամոյեան` Եւրոպայի ախոյեան

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ` Մալխաս Ամոյեան նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 77 քկ դասակարգի աւարտականին, Ամոյեան, որ մրցեցաւ թուրք Եունուս Էմրէ Պաշարի դէմ, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս գօտեմարտէն ետք թուրք ըմբիշը արցունքոտ աչքերով հեռացաւ ռինկէն: Նշենք, որ Ամոյեան նոր փոխեց իր քաշային կարգը: Նախապէս Ամոյեան հանդէս կու գար 72 քկ դասակարգին մէջ, դարձած էր աշխարհի ախոյեան:
4 Ապրիլի 2022
1 ր. ընթերցում
Մալխաս Ամոյեան` Եւրոպայի ախոյեան

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ` Մալխաս Ամոյեան նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսակիր:

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 77 քկ դասակարգի աւարտականին, Ամոյեան, որ մրցեցաւ թուրք Եունուս Էմրէ Պաշարի դէմ, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Այս գօտեմարտէն ետք թուրք ըմբիշը արցունքոտ աչքերով հեռացաւ ռինկէն:

Նշենք, որ Ամոյեան նոր փոխեց իր քաշային կարգը:

Նախապէս Ամոյեան հանդէս կու գար 72 քկ դասակարգին մէջ, դարձած էր աշխարհի ախոյեան:

Անդրանիկ Փիլոյեան այլեւս նախարար չէ
Նախորդ նիւթը

Անդրանիկ Փիլոյեան այլեւս նախարար չէ

Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ
Յաջորդ նիւթը

Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

ԱնցնիլՎեր