Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի տի Մայոն այցելեց Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Նախարարը ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յուշակոթողին մօտ եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ: Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի տի Մայոն երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան է: Ինչպէս յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն` 3 ապրիլին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն հետեւած են մամլոյ յայտարարութիւնները:
4 Ապրիլի 2022
2 ր. ընթերցում
Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի տի Մայոն այցելեց Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Նախարարը ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յուշակոթողին մօտ եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ:

Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի տի Մայոն երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան է: Ինչպէս յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն` 3 ապրիլին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն հետեւած են մամլոյ յայտարարութիւնները:

Մալխաս Ամոյեան` Եւրոպայի ախոյեան
Նախորդ նիւթը

Մալխաս Ամոյեան` Եւրոպայի ախոյեան

Լուիճի Տի Մայօ ՀՀ Վարչապետին յայտնած է Իտալիոյ աջակցութիւնը՝ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն
Յաջորդ նիւթը

Լուիճի Տի Մայօ ՀՀ Վարչապետին յայտնած է Իտալիոյ աջակցութիւնը՝ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն

ԱնցնիլՎեր