Լուիճի Տի Մայօ ՀՀ Վարչապետին յայտնած է Իտալիոյ աջակցութիւնը՝ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն

Իտալիան աջակցութիւն կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերուն` միտուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան: Այս մասին Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին նշած է աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի Տի Մայոն: Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցերը քննարկելով` Նիկոլ Փաշինեան իր դիտարկումները ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ եւ ընդգծած է միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսքի
4 Ապրիլի 2022
7 ր. ընթերցում
Լուիճի Տի Մայօ ՀՀ Վարչապետին յայտնած է Իտալիոյ աջակցութիւնը՝ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն

Իտալիան աջակցութիւն կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերուն` միտուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան: Այս մասին Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին նշած է աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի Տի Մայոն:

Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցերը քննարկելով` Նիկոլ Փաշինեան իր դիտարկումները ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ եւ ընդգծած է միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով Արցախի կարգավիճակի յստակացման, անվտանգութեան ապահովման եւ արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Լուիճի Տի Մայօ խօսած են նաեւ երկկողմ փոխգործակցութան մասին` ընդգծելով առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացման, ներդրումային համատեղ ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Իտալիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:

Այնուհետեւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ընդունած է իտալացի պաշտօնեան: Նախագահը ընդգծած է, որ այս տարածաշրջանին մէջ դէպի երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւն տանող ճանապարհը երկխօսութիւնն է եւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը: Խաչատուրեան ընդգծած է Արցախի կարգավիճակի յստակացման, այնտեղ ապրող մարդոց անվտանգութեան ապահովման եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը եւս կարեւորած է կողմերուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան հաստատումը եւ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորումը: Լուիճի Տի Մայօն ողջունելի համարած է, որ Հայաստանը կը ձգտի յառաջ շարժելու խաղաղութեան հաստատման ճանապարհով:

Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ
Նախորդ նիւթը

Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Դատարանը անգործութեան մատնուած է. Դաւիթ Տօնոյեանի փաստաբանական խումբը նոր յայտարարութիւն տարածած է
Յաջորդ նիւթը

Դատարանը անգործութեան մատնուած է. Դաւիթ Տօնոյեանի փաստաբանական խումբը նոր յայտարարութիւն տարածած է

ԱնցնիլՎեր