Արտակարգ դրութիւնը պիտի չերկարաձգուի. պիտի գործեն նոր սահմանափակումներ

Կառավարութեան այսօրուան նիստին արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը քննարկման ներկայացուցած է առողջապահութեան նախարարութեան հետ մշակած նախագիծերու փաթեթ, որուն մէջ կ’առաջարկուի չերկարաձգել արտակարգ դրութիւնը: «Ինչպէս բազմիցս քննարկած ենք, հնարաւոր է իրավիճակ, երբ վարակի աճի ընթացքի նուազեցումը հնարաւորութիւն տայ իրաւաչափ նպատակին, այն է՝ համաճարակի դէմ պայքարելուն եւ քաղաքացիներու կեանքն ու առողջութիւնը պաշտպանելուն հասնիլ առանց արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի: Այս նկատառումներով ալ մշակած ենք այս նախագիծերու փաթեթը»,-ըսած է նախարարը: Նախարարի խօսքով, օրէնքներու փաթեթը ընդունուելու պարագային, 11 սեպտեմբերէն ետք արտակարգ դրութիւնը այլեւս պիտի չերկարաձգուի, ատոր փոխարէն պիտի գործեն նոր փոփոխութիւններով սահմանուած սահմանափակումները:
27 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Արտակարգ դրութիւնը պիտի չերկարաձգուի. պիտի գործեն նոր սահմանափակումներ

Կառավարութեան այսօրուան նիստին արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը քննարկման ներկայացուցած է առողջապահութեան նախարարութեան հետ մշակած նախագիծերու փաթեթ, որուն մէջ կ’առաջարկուի չերկարաձգել արտակարգ դրութիւնը:

«Ինչպէս բազմիցս քննարկած ենք, հնարաւոր է իրավիճակ, երբ վարակի աճի ընթացքի նուազեցումը հնարաւորութիւն տայ իրաւաչափ նպատակին, այն է՝ համաճարակի դէմ պայքարելուն եւ քաղաքացիներու կեանքն ու առողջութիւնը պաշտպանելուն հասնիլ առանց արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի: Այս նկատառումներով ալ մշակած ենք այս նախագիծերու փաթեթը»,-ըսած է նախարարը:

Նախարարի խօսքով, օրէնքներու փաթեթը ընդունուելու պարագային, 11 սեպտեմբերէն ետք արտակարգ դրութիւնը այլեւս պիտի չերկարաձգուի, ատոր փոխարէն պիտի գործեն նոր փոփոխութիւններով սահմանուած սահմանափակումները:

Բժիշկ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում
Նախորդ նիւթը

Բժիշկ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում

Հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանին յետմահու Արցախի հերոսի կոչում պիտի շնորհուի
Յաջորդ նիւթը

Հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանին յետմահու Արցախի հերոսի կոչում պիտի շնորհուի

ԱնցնիլՎեր