Արտակ Դաւթեանը պիտի նշանակուի ԳՇ նոր պետ. վարչապետը միջնորդութիւն ներկայացուցած է նախագահին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր միջնորդութիւն ներկայացուցած է Հանրապետութեան նախագահին՝ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին Արտակ Դաւթեանը նշանակելու վերաբերեալ: «Հայկական ժամանակ»ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկութիւնը հաստատած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը: Նախագահականէն յայտնած են, որ այս պահի դրութեամբ դեռ չեն ստացած միջնորդութիւնը: Յիշեցնենք, որ Դաւթեանը ԳՇ պետի պաշտօնը զբաղցուցած է նաեւ 2018 թուականի 24 մայիսէն մինչեւ 2020 թուականի 8 յունիսը: Այնուհետեւ մինչեւ 2020 թուականի 11 նոյեմբերը եղած է Ռազմարդիւնաբերական կոմիտէի նախագահ:  Պաշտպանութեան նախարարի երէկուայ որոշմամբ ալ Դաւթեանը նշանակուած էր Յատուկ յանձնարարութիւններու գծով աւագ սպայ:  Այսօր աւելի վաղ վարչապետի աշխատակազմը յայտնած էր, որ ԳՇ պետ Օնիկ Գասպարեանը իրաւունքի ուժով կը համարուի պաշտօնէն ազատուած:
10 Մարտի 2021
2 ր. ընթերցում
Արտակ Դաւթեանը պիտի նշանակուի ԳՇ նոր պետ. վարչապետը միջնորդութիւն ներկայացուցած է նախագահին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր միջնորդութիւն ներկայացուցած է Հանրապետութեան նախագահին՝ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին Արտակ Դաւթեանը նշանակելու վերաբերեալ:

«Հայկական ժամանակ»ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկութիւնը հաստատած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը:

Նախագահականէն յայտնած են, որ այս պահի դրութեամբ դեռ չեն ստացած միջնորդութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Դաւթեանը ԳՇ պետի պաշտօնը զբաղցուցած է նաեւ 2018 թուականի 24 մայիսէն մինչեւ 2020 թուականի 8 յունիսը: Այնուհետեւ մինչեւ 2020 թուականի 11 նոյեմբերը եղած է Ռազմարդիւնաբերական կոմիտէի նախագահ: 

Պաշտպանութեան նախարարի երէկուայ որոշմամբ ալ Դաւթեանը նշանակուած էր Յատուկ յանձնարարութիւններու գծով աւագ սպայ: 

Այսօր աւելի վաղ վարչապետի աշխատակազմը յայտնած էր, որ ԳՇ պետ Օնիկ Գասպարեանը իրաւունքի ուժով կը համարուի պաշտօնէն ազատուած:

Օնիկ Գասպարեանը դիմած է ՀՀ վարչական դատարան
Նախորդ նիւթը

Օնիկ Գասպարեանը դիմած է ՀՀ վարչական դատարան

ՀՀ նախագահը հանդիպման հրաւիրած է վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւնները եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարները
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ նախագահը հանդիպման հրաւիրած է վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւնները եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարները

ԱնցնիլՎեր