Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մեկնի Թուրքիա

Փետրուար 15-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան կը մեկնի Թուրքիա:  Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեանը։  Նախարար Միրզոյեանը երկրաշարժէն տուժած Ատըեաման քաղաքին մէջ պիտի հանդիպի որոնողափրկարարական աշխատանքներ իրականացնող ՀՀ փրկարարական խումբին: Այցի ընթացքին Անգարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հանդիպումը: Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, 15 փետրուարին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի Թուրքիա կատարելիք այցին վերաբերեալ:  «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Քահրամանմարաշ կեդրոնական գօտիով երկրաշարժէն ետք մեր երկրին համերաշխութիւն յայտնելու եւ ցաւակցութիւններ յղելու նպատակով 15 փետրուարին պիտի այցելէ Թուրքիա:
15 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մեկնի Թուրքիա

Փետրուար 15-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան կը մեկնի Թուրքիա: 

Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեանը։ 

Նախարար Միրզոյեանը երկրաշարժէն տուժած Ատըեաման քաղաքին մէջ պիտի հանդիպի որոնողափրկարարական աշխատանքներ իրականացնող ՀՀ փրկարարական խումբին:

Այցի ընթացքին Անգարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հանդիպումը:

Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, 15 փետրուարին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի Թուրքիա կատարելիք այցին վերաբերեալ: 

«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Քահրամանմարաշ կեդրոնական գօտիով երկրաշարժէն ետք մեր երկրին համերաշխութիւն յայտնելու եւ ցաւակցութիւններ յղելու նպատակով 15 փետրուարին պիտի այցելէ Թուրքիա:

Անգարայի մէջ մեր արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումէն ետք նախարար Միրզոյեան պիտի այցելէ Ատըեաման, ուր կ’ընթանան նաեւ հայկական որոնողափրկարարական ջոկատի աշխատանքները», ըսուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ։

Հակառակորդի կրակոցէն զինծառայող վիրաւորուած է
Նախորդ նիւթը

Հակառակորդի կրակոցէն զինծառայող վիրաւորուած է

Փութին եւ Ալիեւ քննարկած են իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Փութին եւ Ալիեւ քննարկած են իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ

ԱնցնիլՎեր