Արցախը այսօր առաւել քան երբեւէ մեր կարիքը ունի. Յայտարարութիւն

Սիրելի հայրենակիցներ, Ազգովին, համայն հայութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կ’ապրի ճակատագրական օրեր: Դառնաղէտ պատերազմը, աւերածութիւնները, նուիրական սխրանքներ գործած մեր վիրաւոր եւ զոհուած  հերոս զինուորներու թափած արիւնը համատարած վիշտով պատած են մեզ: Սգալով հանդերձ մեր կորուստները, միաժամանակ անհրաժեշտութիւն կը զգանք նոր թափով ոտքի կանգնելու, ամոքելու հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի վէրքերը եւ թախիծէն դուրս բերելու հայ ժողովուրդը: Պատերազմի անցնող օրերուն հայ ժողովուրդը միակամօրէն բոլորուեցաւ Հայոց բանակին շուրջ եւ առանց խնայելու իր միջոցները, համատեղ ուժերով հասաւ մայր հայրենիքի ծով կարիքներուն: Այսօր ալ նոյնն է հրամայականը: Այսօր աւելի շեշտակի է մարտահրաւէրը: Արդարեւ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կոչ կ’ընէ համայն հայութեան միահամուռ ուժերով աշխոյժ մասնակցութիւն
23 Նոյեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Արցախը այսօր առաւել քան երբեւէ մեր կարիքը ունի. Յայտարարութիւն

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ազգովին, համայն հայութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կ’ապրի ճակատագրական օրեր: Դառնաղէտ պատերազմը, աւերածութիւնները, նուիրական սխրանքներ գործած մեր վիրաւոր եւ զոհուած  հերոս զինուորներու թափած արիւնը համատարած վիշտով պատած են մեզ:

Սգալով հանդերձ մեր կորուստները, միաժամանակ անհրաժեշտութիւն կը զգանք նոր թափով ոտքի կանգնելու, ամոքելու հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի վէրքերը եւ թախիծէն դուրս բերելու հայ ժողովուրդը:

Պատերազմի անցնող օրերուն հայ ժողովուրդը միակամօրէն բոլորուեցաւ Հայոց բանակին շուրջ եւ առանց խնայելու իր միջոցները, համատեղ ուժերով հասաւ մայր հայրենիքի ծով կարիքներուն:

Այսօր ալ նոյնն է հրամայականը:
Այսօր աւելի շեշտակի է մարտահրաւէրը:

Արդարեւ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կոչ կ’ընէ համայն հայութեան միահամուռ ուժերով աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան համազգային դրամահաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան յատկանշական օրը՝ 26 Նոյեմբեր 2020-ին, Լոս Անճելոսի մէջ, ուղիղ հեռարձակմամբ:

Ինչպէս միշտ, այսօր առաւել քան երբեւէ պէտք է բոլորս համախմբուինք հայրենիքի սուրբ գաղափարին շուրջ եւ մէկ բռունցք դարձած լծուինք Արցախակերտման կարեւոր աշխատանքին:

Ունեցի՛ր ներդրումդ

Զօրակցի՛ր Արցախին

Զօրակցի՛ր Հայաստանին

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

ՀՀ Նախագահը աշխատանքային այցով կը մեկնի Յորդանան
Նախորդ նիւթը

ՀՀ Նախագահը աշխատանքային այցով կը մեկնի Յորդանան

Ձեզմէ իւրաքանչիւրն ամէն օր պէտք է զգայ, որ Կառավարութիւնը ձեր կողքին է, ձեր ցաւով ապրողն է. վարչապետ
Յաջորդ նիւթը

Ձեզմէ իւրաքանչիւրն ամէն օր պէտք է զգայ, որ Կառավարութիւնը ձեր կողքին է, ձեր ցաւով ապրողն է. վարչապետ

ԱնցնիլՎեր