Արցախը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի մաս. Արայիկ Յարութիւնեան

«9 Հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը հակառակորդը բազմիցս խախտած է: Մենք կ’ակնկալենք  քաղաքակիրթ աշխարհի օժանդակութիւնը տարածաշրջան միջազգային ահաբեկչութեան թափանցելու դէմ, եւ՝ ոչ միայն կոչերով»,- մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: Ան յիշեցուցած է, որ Արցախի ազատագրական պայքարի դէմ կը կռուին միջազգային ահաբեկիչները: «Սմերչ», «Պոլոնեզ» ԱԹՍ. Ատրպէյճանը խաղաղ  բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ այդպիսի զինատեսակներ կ’օգտագործէ: «Ստեփանակերտի մէջ չկայ տեղ, ուր քանի մը անգամ պայթած չըլլան այդ արկերը,-նշած է Արցախի նախագահը եւ աւելցուցած, որ Ատրպէյճանի կողմէ կ’ոտնահարուին համամարդկային արժէքները, կ’ընթանայ բնակչութեան  բնաջնջման գործընթաց: «Այսքանէն ետք կ’առաջարկեն Արցախի բնակչութեան իրենց կողմէ առաջադրուած պայմաններ»,-ըսած
11 Հոկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Արցախը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի մաս. Արայիկ Յարութիւնեան

«9 Հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը հակառակորդը բազմիցս խախտած է: Մենք կ’ակնկալենք  քաղաքակիրթ աշխարհի օժանդակութիւնը տարածաշրջան միջազգային ահաբեկչութեան թափանցելու դէմ, եւ՝ ոչ միայն կոչերով»,- մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

Ան յիշեցուցած է, որ Արցախի ազատագրական պայքարի դէմ կը կռուին միջազգային ահաբեկիչները: «Սմերչ», «Պոլոնեզ» ԱԹՍ. Ատրպէյճանը խաղաղ  բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ այդպիսի զինատեսակներ կ’օգտագործէ: «Ստեփանակերտի մէջ չկայ տեղ, ուր քանի մը անգամ պայթած չըլլան այդ արկերը,-նշած է Արցախի նախագահը եւ աւելցուցած, որ Ատրպէյճանի կողմէ կ’ոտնահարուին համամարդկային արժէքները, կ’ընթանայ բնակչութեան  բնաջնջման գործընթաց:

«Այսքանէն ետք կ’առաջարկեն Արցախի բնակչութեան իրենց կողմէ առաջադրուած պայմաններ»,-ըսած է ան՝ նշելով, որ Արցախը Հայաստանի եւ Սփիւռքի  օժանդակութեամբ կ’իրականացնէ իր ինքապաշտպանութեան իրաւունքը:

«Արցախը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի մաս»,-ընդգծած է Ա. Յարութիւնեանը:

Ան յայտնած է, որ եթէ Ատրպէյճանը առաջիկայ մէկ -երկու օրերուն չպահպանէ հրադադարի պահանջները, Արցախը պիտի դիմէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, միջագային հանրութեան եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն՝ Արցախի անկախութիւնը  ճանչնալու համար:

Յարութիւնեանը նշած է, որ  առաւօտէն իրադրութիւնը համեմատաբար հանգիստ է, առաջնագիծին շատ փոքր հրաձգութիւններ են, կը կիրառուի սովորական հրետանի. մինչդեռ երէկ հրադադար չէ եղած:

Արցախը պէտք է դառնայ համաշխարհային արդարութեան խորհրդանիշ. Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Արցախը պէտք է դառնայ համաշխարհային արդարութեան խորհրդանիշ. Փաշինեան

Եթէ հրթիռակոծութիւնները չդադրին, Արցախը պիտի դիմէ Հայաստանին ու աշխարհին՝ ճանաչման համար
Յաջորդ նիւթը

Եթէ հրթիռակոծութիւնները չդադրին, Արցախը պիտի դիմէ Հայաստանին ու աշխարհին՝ ճանաչման համար

ԱնցնիլՎեր