Արցախի դէմ կը կռուի նաեւ Թուրքիան. ԱՀ Նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով` Արցախի դէմ, բացի Ազրպէյճանէն, կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Այս մասին Յարութիւնեան ըսաւ 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան հրաւիրուած ճեպազրոյցի ընթացքին: «Մեզ հետ կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Կ՛օգտագործեն թրքական բանակի ձեռքի տակ եղած հիմնական ժամանակակից զէնքերն ու զինամթերքները` անօդաչու թռչող սարքեր եւ ինքնաթիռներ: Չեմ խօսիր վարձկաններու, այլ երկիրներէ կամաւորականներու մասին: Արցախը կը կռուի միայն օգտագործելով Արցախի ՊԲ բանակի ուժերը եւ պիտի ըլլան կամաւորներ միայն Հայաստանէն, հակառակ որ, որ ՀՀ կառավարութեան որոշումը կայ` յայտարարել ռազմական դրութիւն եւ զօրաշարժ»,- ըսած է Յարութիւնեան: Արցախի նախագահը նշած է, որ Պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրը: «Դիրք կորսնցուցած ենք, հնարաւոր է`
27 Սեպտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Արցախի դէմ կը կռուի նաեւ Թուրքիան. ԱՀ Նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով` Արցախի դէմ, բացի Ազրպէյճանէն, կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Այս մասին Յարութիւնեան ըսաւ 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան հրաւիրուած ճեպազրոյցի ընթացքին:

«Մեզ հետ կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Կ՛օգտագործեն թրքական բանակի ձեռքի տակ եղած հիմնական ժամանակակից զէնքերն ու զինամթերքները` անօդաչու թռչող սարքեր եւ ինքնաթիռներ: Չեմ խօսիր վարձկաններու, այլ երկիրներէ կամաւորականներու մասին: Արցախը կը կռուի միայն օգտագործելով Արցախի ՊԲ բանակի ուժերը եւ պիտի ըլլան կամաւորներ միայն Հայաստանէն, հակառակ որ, որ ՀՀ կառավարութեան որոշումը կայ` յայտարարել ռազմական դրութիւն եւ զօրաշարժ»,- ըսած է Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը նշած է, որ Պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրը:

«Դիրք կորսնցուցած ենք, հնարաւոր է` նաեւ կորսնցնենք: Դիրքեր պիտի գրաւենք հաստատ: Պատերազմի արդիւնքները մեզի համար կանխատեսելի են, թշնամիին ծրագիրը պիտի ձախողի: Արդէն իսկ ունին հարիւրաւոր կորուստներ, զրահամեքենաներու տասնեակ կորուստներ»,- նշած է Արցախի նախագահը:

«Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար». դրամահաւաք-արշաւ՝ Արցախին աջակցելու համար
Նախորդ նիւթը

«Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար». դրամահաւաք-արշաւ՝ Արցախին աջակցելու համար

Գրաւուած է հակառակորդի 11 միաւոր ռազմական մեքենայ
Յաջորդ նիւթը

Գրաւուած է հակառակորդի 11 միաւոր ռազմական մեքենայ

ԱնցնիլՎեր