Արցախի զինուժը լիովին կը վերահսկէ իրավիճակը. Ճալալ Յարութիւնեան

Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով շարունակուող մարտական գործողութիւններու ընթացիկ ու հնարաւոր հետագայ զարգացումներուն ծանօթանալու նպատակով 28 սեպտեմբերին, բանակի մարտական կառավարման կեդրոն այցելած են ԱՀ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ու ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: «ԱՀ ՊՆ, Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատար, Զօրավար Ճալալ Յարութիւնեան ներկայացուցած է օփերատիւ-մարտավարական իրադրութիւնը, անդրադարձած այն բոլոր գործընթացներուն, որոնք կ’իրականացուին ՊԲ-ի ստորաբաժանումներու կողմէ՝ ատրպէյճանական յարձակումը դիմակայելու ուղղութեամբ: Բանակի հրամանատարը վստահեցուցած է, որ իրավիճակը լիովին կը վերահսկուի ԱՀ Զինուած Ուժերու կողմէ, եւ ստեղծուած են լաւ հնարաւորութիւններ արձանագրուած յաջողութիւնները հետագային զարգացնելու համար»,- ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
28 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Արցախի զինուժը լիովին կը վերահսկէ իրավիճակը. Ճալալ Յարութիւնեան

Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով շարունակուող մարտական գործողութիւններու ընթացիկ ու հնարաւոր հետագայ զարգացումներուն ծանօթանալու նպատակով 28 սեպտեմբերին, բանակի մարտական կառավարման կեդրոն այցելած են ԱՀ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ու ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«ԱՀ ՊՆ, Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատար, Զօրավար Ճալալ Յարութիւնեան ներկայացուցած է օփերատիւ-մարտավարական իրադրութիւնը, անդրադարձած այն բոլոր գործընթացներուն, որոնք կ’իրականացուին ՊԲ-ի ստորաբաժանումներու կողմէ՝ ատրպէյճանական յարձակումը դիմակայելու ուղղութեամբ:

Բանակի հրամանատարը վստահեցուցած է, որ իրավիճակը լիովին կը վերահսկուի ԱՀ Զինուած Ուժերու կողմէ, եւ ստեղծուած են լաւ հնարաւորութիւններ արձանագրուած յաջողութիւնները հետագային զարգացնելու համար»,- ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանը խիզախօրէն կը պայքարի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական յարձակման դէմ. Հոլանտացի պատգամաւոր
Նախորդ նիւթը

Հայաստանը խիզախօրէն կը պայքարի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական յարձակման դէմ. Հոլանտացի պատգամաւոր

Ծանր հարուած հակառակորդին. Ատրպէյճանեան 10 թանկեր ոչնչացուած են
Յաջորդ նիւթը

Ծանր հարուած հակառակորդին. Ատրպէյճանեան 10 թանկեր ոչնչացուած են

ԱնցնիլՎեր