Արցախի ընտրութիւններուն մեկնող դիտորդները անպայման պէտք է քննուին, որ յանկարծ ժահրը Արցախ չմտնէ. Փաշինեան

Արցախի մէջ 31 մարտին տեղի պիտի ունենայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ կը սպասուի դիտորդներու ներկայութիւն Հայաստանէն: Այս մասին, այսօր՝ 26 մարտին, կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: «Մենք այսօր արդէն ունինք «Քորոնա» ժահրի ստուգման արագ քննութեան սրուակներ: Եկէք պայմանաւորուինք, որ համագործակցինք դիտորդական կազմակերպութիւններու հետ, հասկնանք, թէ արդեօք դիտորդները ռիսքային գօտիներէն են, թէ ոչ: Եթէ ռիսքային գօտիներէն են, խնդրենք անոնց փոխարինել դիտորդները: Նաեւ մեկնումէն առաջ արագ քննուին, որ համոզուած ըլլանք, որ անոնք վարակուած չեն: Փառք Աստուծոյ, Արցախի մէջ մինչեւ հիմա «Քորոնա» ժահրի ոչ մէկ դէպք յայտնաբերուած է, հակառակ որ տասնեակ մարդիկ հետազօտուած են: Պէտք է ամէն ինչ
26 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Արցախի ընտրութիւններուն մեկնող դիտորդները անպայման պէտք է քննուին, որ յանկարծ ժահրը Արցախ չմտնէ. Փաշինեան

Արցախի մէջ 31 մարտին տեղի պիտի ունենայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ կը սպասուի դիտորդներու ներկայութիւն Հայաստանէն: Այս մասին, այսօր՝ 26 մարտին, կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Մենք այսօր արդէն ունինք «Քորոնա» ժահրի ստուգման արագ քննութեան սրուակներ: Եկէք պայմանաւորուինք, որ համագործակցինք դիտորդական կազմակերպութիւններու հետ, հասկնանք, թէ արդեօք դիտորդները ռիսքային գօտիներէն են, թէ ոչ: Եթէ ռիսքային գօտիներէն են, խնդրենք անոնց փոխարինել դիտորդները: Նաեւ մեկնումէն առաջ արագ քննուին, որ համոզուած ըլլանք, որ անոնք վարակուած չեն:

Փառք Աստուծոյ, Արցախի մէջ մինչեւ հիմա «Քորոնա» ժահրի ոչ մէկ դէպք յայտնաբերուած է, հակառակ որ տասնեակ մարդիկ հետազօտուած են: Պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ դիտորդական խումբի հետ «Քորոնա» ժահրը Արցախ մուտք չգործէ»,-ըսած է վարչապետը:

Հիմնադրամի կայքին «Քորոնա»ի դէմ յատուկ առցանց դրամահաւաք–արշաւին ցարդ հաւաքագրուած է աւելի քան 63.000 ԱՄՆ տոլար
Նախորդ նիւթը

Հիմնադրամի կայքին «Քորոնա»ի դէմ յատուկ առցանց դրամահաւաք–արշաւին ցարդ հաւաքագրուած է աւելի քան 63.000 ԱՄՆ տոլար

Հետազօտուած 3 զինծառայողներու մօտ «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած է. Դաւիթ Տօնոյեանի պարզաբանումը
Յաջորդ նիւթը

Հետազօտուած 3 զինծառայողներու մօտ «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած է. Դաւիթ Տօնոյեանի պարզաբանումը

ԱնցնիլՎեր