Արցախի մէջ առաջացած է վառելիքի պակաս

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհի եւ կազամատակարարման արգելափակման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ առաջացած է պենզինի, վառելիքի, յեղուկ եւ սեղմուած կազի պակաս: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։  Վառելիքային ճգնաժամ չառաջանալու համար ԱՀ կառավարութիւնը տնտեսվարողներու հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է՝ անցնելու խնայողական ռեժիմի: Լցակայաններուն մէջ վառելիք առաջնհերթ պիտի տրամադրուին շտապ օգնութեան ծառայութեան, հասարակական փոխադրամիջոցներուն եւ յատուկ ծառայութիւններուն: Վառելիքի տրամադրման մեքանիզմներու եւ ընթացակարգերու մասին հանրութեան տեղեկատւութիւն պիտի տրամադրուի լրացուցիչ: Քաղաքացիներուն կոչ կ’ընեն խնայողաբար օգտագործելու վառելիքը եւ փոխադրային միջոցներն օգտագործել խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:
14 Դեկտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ առաջացած է վառելիքի պակաս

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհի եւ կազամատակարարման արգելափակման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ առաջացած է պենզինի, վառելիքի, յեղուկ եւ սեղմուած կազի պակաս: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։ 

Վառելիքային ճգնաժամ չառաջանալու համար ԱՀ կառավարութիւնը տնտեսվարողներու հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է՝ անցնելու խնայողական ռեժիմի:

Լցակայաններուն մէջ վառելիք առաջնհերթ պիտի տրամադրուին շտապ օգնութեան ծառայութեան, հասարակական փոխադրամիջոցներուն եւ յատուկ ծառայութիւններուն:

Վառելիքի տրամադրման մեքանիզմներու եւ ընթացակարգերու մասին հանրութեան տեղեկատւութիւն պիտի տրամադրուի լրացուցիչ:

Քաղաքացիներուն կոչ կ’ընեն խնայողաբար օգտագործելու վառելիքը եւ փոխադրային միջոցներն օգտագործել խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ. Ճանապարհը փակած են ռուս խաղաղապահները
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի ԱԳՆ. Ճանապարհը փակած են ռուս խաղաղապահները

Արտակ Բեգլարեան նստացոյց սկսած է Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի առջեւ
Յաջորդ նիւթը

Արտակ Բեգլարեան նստացոյց սկսած է Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի առջեւ

ԱնցնիլՎեր