Արցախի մէջ ատրպէյճանական անցակէտը հանելու յստակ պահանջ կայ

«Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ». արցախցի երիտասարդներ այս գրութեամբ ցուցանակ մը տեղադրեցին Ստեփանակերտ-Շուշի ճամբուն վրայ եւ խաղաղ ցոյցի սկսան՝ ատրպէյճանցիներու անցակէտը հանելու պահանջով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։ «Բերձորի միջանցքում Ադրբեջանի կողմից ապօրինի տեղադրուած անցակէտը մեր համար կարմիր գիծ է եւ անթոյլատրելի: Ակցիան (ցոյցը) շարունակուելու է այնքան ժամանակ, մինչեւ տուեալ անցակէտը այնտեղից չհեռացուի», ըսած է ցոյցի նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Բաղրեան: Ան դիտել տուաած է, որ իրենց շուրջ 100 կամաւորները համախմբուած են. տակաւին 28 Ապրիլէն սկսեալ արցախցի երիտասարդները անցան ստորագրահաւաքի` «Ո՛չ Արցախի էթնիկ (ցեղային) զտմանը» նշանաբանով. պահանջը Արցախի ապաշրջափակումն է: Անոնք առաւել քան 20 հազար ստորագրութիւն հաւաքած են, եւ այդ
3 Մայիսի 2023
3 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ ատրպէյճանական անցակէտը հանելու յստակ պահանջ կայ

«Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ». արցախցի երիտասարդներ այս գրութեամբ ցուցանակ մը տեղադրեցին Ստեփանակերտ-Շուշի ճամբուն վրայ եւ խաղաղ ցոյցի սկսան՝ ատրպէյճանցիներու անցակէտը հանելու պահանջով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։

«Բերձորի միջանցքում Ադրբեջանի կողմից ապօրինի տեղադրուած անցակէտը մեր համար կարմիր գիծ է եւ անթոյլատրելի: Ակցիան (ցոյցը) շարունակուելու է այնքան ժամանակ, մինչեւ տուեալ անցակէտը այնտեղից չհեռացուի», ըսած է ցոյցի նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Բաղրեան:

Ան դիտել տուաած է, որ իրենց շուրջ 100 կամաւորները համախմբուած են. տակաւին 28 Ապրիլէն սկսեալ արցախցի երիտասարդները անցան ստորագրահաւաքի` «Ո՛չ Արցախի էթնիկ (ցեղային) զտմանը» նշանաբանով. պահանջը Արցախի ապաշրջափակումն է: Անոնք առաւել քան 20 հազար ստորագրութիւն հաւաքած են, եւ այդ գործը պիտի շարունակեն: Ըստ Բաղրեանի՝ այդ ծրարը պէտք է հասնի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն ու Հայաստանի իշխանութեան:

Ստորագրահաւաքին միացած էր նաեւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան. Արցախի մէջ կը ձեւաւորուին զանազան շարժումներ ատրպէյճանցիներուն կողմէ արցախցիները շուրջ 5 ամիս շրջափակման մէջ պահելուն զուգահեռ` Լաչինի միջանցքին մէջ` Հակարիի կամուրջին վրայ պաշտօնապէս անցակէտ տեղադրելէ ետք:

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն արդէն երկրորդ օրն է՝ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ կը վարեն
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն արդէն երկրորդ օրն է՝ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ կը վարեն

Ատրպէյճանցի զինծառայողները յաճախակի կը կրակեն բնակավայրերու հարեւանութեամբ. ՄԻՊ-ն այցելած է Գեղարքունիք
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցի զինծառայողները յաճախակի կը կրակեն բնակավայրերու հարեւանութեամբ. ՄԻՊ-ն այցելած է Գեղարքունիք

ԱնցնիլՎեր