Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն արդէն երկրորդ օրն է՝ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ կը վարեն

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն արդէն երկրորդ օրն է՝ Ուաշինկթընի մէջ կը քննարկեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը, «Ազատութիւն» ռատիոեկայանին յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը։ Բանակցութիւններն, ըստ ամերիկեան կողմի, քանի մը օր պիտի տեւեն։ Ուաշինկթընի մէջ Միրզոյեանը ու Պայրամովը հիւրընկալած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Երեւանի ու Պաքուի միջեւ երկխօսութիւնն առանցքային համարած է՝ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար։ Երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ճեպազրոյցի ընթացքին բանակցութիւններուն ծանօթ դիւանագէտներէն մէկը հայ-ատրպէյճանական քննարկումները «կառուցողական» որակած էր:
3 Մայիսի 2023
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն արդէն երկրորդ օրն է՝ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ կը վարեն

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն արդէն երկրորդ օրն է՝ Ուաշինկթընի մէջ կը քննարկեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը, «Ազատութիւն» ռատիոեկայանին յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը։

Բանակցութիւններն, ըստ ամերիկեան կողմի, քանի մը օր պիտի տեւեն։

Ուաշինկթընի մէջ Միրզոյեանը ու Պայրամովը հիւրընկալած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Երեւանի ու Պաքուի միջեւ երկխօսութիւնն առանցքային համարած է՝ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար։

Երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ճեպազրոյցի ընթացքին բանակցութիւններուն ծանօթ դիւանագէտներէն մէկը հայ-ատրպէյճանական քննարկումները «կառուցողական» որակած էր:

Ալիեւ մեկնած է Ակնա
Նախորդ նիւթը

Ալիեւ մեկնած է Ակնա

Արցախի մէջ ատրպէյճանական անցակէտը հանելու յստակ պահանջ կայ
Յաջորդ նիւթը

Արցախի մէջ ատրպէյճանական անցակէտը հանելու յստակ պահանջ կայ

ԱնցնիլՎեր